ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այցելեց պաշտպանութեան բանակի զօրամասը եւ ծանօթացաւ զինուած ուժերուն մէջ յաջողութեամբ կիրարկուող` հայկական ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտի մասնագէտներուն կողմէ կատարելագործուած զինատեսակներուն: Անոր կ՛ընկերակցէին Արցախի պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեան եւ ոստիկանութեան պետ Աշոտ Յակոբջանեան:
Նախագահը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ անդրադարձած է այս այցելութեան եւ գրած, որ թէ՛ Ազգային ապահովական ծառայութեան յատուկ վարչութեան տղաքը եւ թէ ոստիկանութեան ծառայողները, իր յանձնարարականով ձեռք կը բերեն սպառազինութեան որոշ տեսակներու կիրարկման հմտութիւններ: Ըստ անոր՝ նախնական արդիւնքները գոհացուցիչ էին:
«Այսօր լաւ առիթ էր նաեւ ծանօթանալու հայկական ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտի մասնագէտների կողմից կատարելագործուած զինատեսակներին, որոնք գործնականում արդէն յաջողութեամբ կիրառւում են մեր զինուած ուժերում:
«Ուժեղ սահման, ամուր թիկունք, պաշտպանուած հայրենիք» սկզբունքը մշտապէս լինելու է մեր ռազմաքաղաքական ջանքերի առանցքում», կը յայտնէ Արայիկ Յարութիւնեան: