ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍ ՇՆՈՐՀԵՑ ԱՆՈՐ
24 Յուլիսի երեկոյեան, Լիբանանի Հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովը Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ գումարեց նիստ` նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Աղօթքէն ետք, կաթողիկոսական փոխանորդը ընթերցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նամակը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Նկատի ունենալով երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական տագնապը, անհրաժեշտ է, որ առաջնահերթութիւն տրուի ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու միտող աշխատանքներուն»:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանմ նիստին համար ճշդուած օրակարգին համաձայն՝ առիթ ընծայեց, որ ժողովականներ քննարկեն եւ վաւերացնեն Ազգային երեսփոխանական ժողովի նախորդ նիստի ատենագրութիւնը: Այնուհետեւ, յաջորդաբար ներկայացուեցան ու քննարկուեցան Լիբանանի Հայոց թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան 2018-2020 երկամեայ պաշտօնավարութեան շրջանի գործունէութեան տեղեկագիրները:
Յառաջիկայ շրջանին համար ժողովականները նաեւ կատարեցին առաջարկներ եւ թելադրութիւններ ու կատարեցին հետեւեալ ընտրութիւնները.
ա.- Կրօնական ժողով` Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան, Նարեկ Ա. քհնյ. Հէճինեան, Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան, Առաքել քհնյ. Տմտմեան եւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան:
բ.- Ազգային վարչութիւն` Րաֆֆի Սիսլեան, Գառնիկ Մկրտիչեան, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Յակոբ Լուսարարեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Նազօ Անտէքեան, Արամ Գալենճեան, Շաղիկ Կոկոնեան եւ Ժագ Տէմիրճեան:
Պարզուեցաւ, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը արդէն իսկ ներկայացուցած է ընտրելի միաբաններու եռանուն ցանկ մը` բաղկացեալ Մակար եպս. Աշգարեանէ, Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեանէ եւ Շահէ եպս. Փանոսեանէ:
Ազգային երեսփոխանները միաձայնութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրեցին Շահէ եպս. Փանոսեանը, որ հաստատեց, թէ հաւաքական ճիգով պիտի յաղթահարուին լիբանանահայութեան դժուարութիւնները:
Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը տեղեակ պահելով վեհափառը ընտրութեան արդիւնքին մասին՝ հայցեց անոր վաւերացումը։ Հայրապետը վաւերացուց յիշեալ ընտրութիւնը եւ այս առիթով նորընտիր առաջնորդին շնորհեց արքութեան տիտղոս։
Կաթողիկոսը նաեւ վաւերացուց Լիբանանի թեմի նորընտիր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները։