ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 29 Յուլիսին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը: Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանդիպման, որուն կը մասնակցէին Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանը, քննարկուեցան անվտանգութեան ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան առնչուող հարցերու լայն շրջանակ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ:
Երկրին ղեկավարը ընդգծեց պաշտօնական Ստեփանակերտի եւ Երեւանի համապատասխան կառոյցներու սերտ ու համակարգուած փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ ծագող մարտահրաւէրներու արդիւնաւէտ դիմակայման: