ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան մէջ, 29 Յուլիսի դրութեամբ՝ հաստատուած են «Քորոնա» ժահրի վարակման 11 նոր պարահաներ: Այս մասին յայտնեցին Արցախի տեղեկատուական շտապէն:
Նոր պարագաները Մարտակերտի, Այգեստանի եւ Ստեփանակերտի բնակիչ են: Բոլոր նոր պարագաները նախապէս հաստատուած օճախներու մէջ ապրողներու ընտանիքի անդամները կամ անոնց հետ կապ հաստատողներէն են։
Ապաքինած են 8 քաղաքացիներ. ցարդ Արցախի մէջ արձանագրուած են 228 պարագաներ, որոնց 162ը յաղթահարած է հիւանդութիւնը: Փաստացի բուժում կը ստանան 65 անձեր եւ մեկուսացուած են 121 ուրիշներ:
Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրինի պատճառով մահացող չկայ։ Արձանագրուած է մահուան մէկ պարագայ, երբ քաղաքացիին մօտ ախտորոշուած է «Քորոնա» ժահրը, սակայն մահը վրայ հասած է այլ պատճառով: