ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ, «Էյ.Փի.».- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Ամավարկի յանփնախումբի ատենապետ անդամ Ֆիլ Թինկ 29 Յուլիսին յայտարարեց, որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը կը քննէ անգործներուն տրամադրուող դաշնակցային շաբաթական 600 տոլարի նպաստին շարունակականութիւնը ապահովելու կարելիութիւն մը, որպէսզի «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն տուժած քաղաքացիները եկամուտի հսկայական անկումի մը դէմ յանդիման չգտնուին։
Նշենք, որ մինչ Ներկայացուցիչներու տունը երկու ամիս առաջ իսկ առաջադրած էր մինչեւ յառաջիկայ Յունուար ամիսը երկարաձգել Յուլիսի վերջը աւարտող դաշնացային նպաստը, Ծերակոյտը միայն այս շաբաթ ներկայացուց իր ծրագիրը, որ կ՛առաջարկէ 200 տոլարի իջեցնել դաշնակցային նպաստը։
Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինը մօտաւորապէս 100 միլիառ տոլարի ծրագիր մը կը պատրաստէ, զարկ տալու համար համաճարակէն տուժած նահանգին տնտեսութեան։