
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Պէյրութի մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով զոհուած հայերուն թիւը ցարդ վեց է, Չորքշաբթի օր յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան:
Հայ զոհերուն շարքին են՝ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեան, Ժագ Պարամաքեան, Ճեսի Պեզճեան, Կայա Ֆուտուլեան եւ Տելիա Փափազեան:
Նաղդալեան յայտնեց, որ նախարարութեան մէջ կազմուած է աշխատանքային խումբ մը՝ Լիբանանին թիրախային աջակցութեան տրամադրումը համակարգելու համար Լիբանանի իշխանութեանց հետ: Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը մշտական կապի մէջ է տեղւոյն պատկան մարմիններուն հետ՝ միասնաբար գնահատելու լիբանանեան կողմի կարիքները եւ աջակցութեան շրջանակը:
«Զուգահեռաբար կապ կը պահպանուի հայ համայնքային կառոյցներու հետ՝ կարիքները գնահատելու նպատակով: Լիբանանի մէջ դեսպանութիւնը կ՛աշխատի արտակարգ կարգով, կը գործէ թէժ գիծ», յայտնեց Աննա Նաղդալեան: