«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն,
Որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»
«Առակաց Գիրք 22.6»
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Մեզի համար հաճելի անակնկալ մըն էր տեսնել եւ թերթատել Թեքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքէն լոյս տեսնող «Մանուշակ» մանկապատանեկան գունագեղ, պէսպիսուն, բովանդակալից ու պատանիներուն համար շատ դիւրահասկնալի եւ խիստ շահեկան այս հրատարակութիւնը։
Թերթը կը հրատարակուի Հիւսթընի մէջ գործող Armenian Church Charities անունով ոչ-հասութաբեր բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ։
Այս ակնահաճոյ հրատարակութեան խմբագիրն է բազմազբաղ եւ ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ ծանօթ մեծանուն երիտասարդ վիրաբուժ տոքթ. Արա Գարամանեան, իր կողքին ունենալով իր տիկինը՝ Լիանա Գարամանեան, որ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսթընի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչուհի է եւ իր ներդրումը ունի այս հրատարակութեան մէջ։
Այս թերթը ամէն բանէ առաջ յանձնարարելի է եւ կ՛արժէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ գործող ամէնօրեայ, միօրեայ կամ արուեստի դպրոցներու, ինչպէս նաեւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ամէն աշակերտ-աշակերտուհի ունենայ այս թերթը, հոն կան թէ՛ անգլերէնով եւ թէ հայերէնով գրութիւններ, որոնք շատ հասկնալի են մանուկին կամ պատանիին համար։
Խմբագիր տոքթ. Արա Գարամանեան շատ ծանօթ է Հիւսթընի հայ գաղութին մէջ։ Ան եղած է Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վարչական, ատենապետ եւ մեր մայրենի եկեղեցւոյ հաւատարիմ սպասարկող։ Իր երեք մանուկ զաւակները եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը կը յաճախեն, ճիշդ այդ պատճառաւ, խմբագիրը շատ լաւ գիտէ մանուկներուն հոգեբանութիւնը, անոնց ուզածը, անոնց որեւէ նիւթ հետաքրքրական եւ հաճելի ներկայացնելու ձեւերը։
Ահա՛ այս գունաւոր եւ շատ գեղեցիկ էջադրումով թերթը առաջին վայրկեանէն իսկ կը հմայէ ընթերցող մանուկը կամ պատանին։
Այս հրատարակութեան մէջ կը տեսնենք Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Գանատայի թիմերու առաջնորդներուն գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքերը, ուրիշ կղերականներու շահեկան մասնակցութիւնը այս թերթին։
Թերթը ունի Հիսթընէն եւ անկէ դուրս աշխատակիցներ, որոնք մեծագոյն հաճոյքով իրենց մասակցութիւնը կը բերեն այս թերթին, մեր նորահաս հայ սերունդին օգտակար ըլլալու համար։
Ինչպէս յիշեցինք, թերթը անգլերէնով եւ հայերէնով է։ Հոն առաջին բաժինին մէջ կան հայերէն տառերը սորվեցնող էջեր, ապա մշակոյթի եւ մեծանուն մշակոյթի գործիչներու մասին գրութիւններ, իսկ երրորդ բաժինին մէջ կան շատ հետաքրքրական էջեր, որոնց մէջ կը սորվեցնեն հայերէն հանելուկներ, կը փոխանցեն կրօնաբարոյական տեղեկութիւններ, ազգային գործիչներու կեանքէն առնուած գրութիւններ եւ տեղեկութիւններ, աղօթքներ. Այնտեղ կայ զբաղմունքի բաժին մը, որ մանուկներուն կամ պատանիներուն շատ պարզ ձեւով կը սորվեցնէ հայկական կերակուրներու պատրաստութեան քայլերը։
Այս բոլոր տեղեկութիւնները կը տրուին տպագրական նորագոյն ձեւերով եւ մօտեցումներով, որոնց համար իրապէս սրտանց կը շնորհաւորենք այս թերթին բոլոր պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ տոքթ. խմբագիրին, բոլորին ըսելով՝ ձեր վարձքը հազար կատար ըլլայ։
Բնաւ կասկած չունինք, որ մեր հայրենակիցները այս եռամսեան տեսնելով, իրենց զաւակները կամ թոռնիկները բաժանորդ պիտի դարձնեն այս թերթին, որպէսզի անոնք ազգային մաքրամաքուր ոգիով մեծնան եւ հպարտ զգան իրենց հայ ըլլալուն եւ անխզելիօրէն կապուին հայութեան։
Թերթը ունենալու համար կարելի է դիմել հետեւեալ միջոցներուն.
e-mail Info@Manoushag.org
Website www.Manoushag.org
Հեռաձայնել (832)895-7272 թիւին
Թերթի հասցէին դիմելով
“Manoushag”
6624 Farrin Street, Suite # 2580
Houston, TX, 77030