ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 11 Օգոստոսին մարդասիրական աջակցութեան պարագաներով լեցուն երրորդ օդանաւը պիտի ուղարկէ Լիբանան, յայտնեց փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի մամլոյ խօսնակ Վահան Հունանեան; Ան նշեց, որ այս անգամ ուղարկուող օգնութիւնը 12 թոն է եւ բաղկացած է ուտելիքէ, դեղորայքէ եւ կերպասղէնէ։
Նշենք, որ 9 Oգոստոսին, Լիբանանի միջազգային օդակայան հասած էր Հայաստանի կողմէ Լիբանանի պետութեան տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութեան առընթեր՝ լիբանանահայութեան համար Արցախի ու Հայաստանի պետութիւններուն կողմէ ղրկուած մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող օդանաւ մը, իսկ Հայաստանէն օգնութեան առաջին օդանաւը հասած էր 8 Օգոստոսին: