ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, 21 Յուլիսին, Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴ) բողոքի ցոյց մը կատարեց՝ դատապարտելով Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծի հայկական դիրքերուն եւ բնակավայրերուն վրայ 12 Յուլիսին սկսած Ատրպէյճանի բանակի յարձակումները։
Ցոյցին ընթացքին քանի մը տասնեակ ատրպէյճանցի ցուցարարներ յարձակած էին հայ ցուցարարներուն վրայ։ Յարձակումը զսպելու իր փորձին ընթացքին, հանգստեան կոչուած հայր Արմէն Բաղրամեան հարուածներ ստացած էր ոստիկանէ մը, որ անհամեմատ ուժ գործածած էր, որուն պատճառաւ ենթական հիւադանոց փոխադրուած էր։
Հայր Բաղրամեան 12 Օգոստոսին դատ բացաւ Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան դէմ, կը յայտնէ անոր իրաւաբանը՝ Կրեկ Կիրակոսեան։
Նշենք, որ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին կողմէ իբրեւ «խաղաղ» ներկայացուած ատրպէյճանցի ցուցարարներէն ոմանք իրականութեան մէջ իրենց հետ ունէին մեծ սղոց մը, մուրճ մը, երկաթէ ցուպ մը, մտրակ մը, մեծ դանակ մը եւ այլ գործիքներ, որոնք կրնային մահացու վէրքեր պատճառել։