ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհրդարանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքական խումբը կոչ ըրաւ՝ Ատրպէյճանը հեռացնելու Արեւելեան գործընկերութեան կազմէն:
Կոչը տեղ գտաւ Պելոռուսի իրավիճակին նուիրուած յայտարարութեան մէջ։
Զուգահեռներ կատարելով Պելոռուսի եւ վեց ամիս առաջ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած եւ օրէնքներու խախտումներով իրականացած ընտրութիւններուն միջեւ՝ Ընկերվարներու եւ Ժողովրդավարներու խմբակցութեան փոխնախագահ Քեթի Փիրի ըսաւ. «Մենք չենք կրնար գործակցիլ այն երկիրներուն հետ, ուր ականատես կ՛ըլլանք քաղաքական ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան բռնաճնշումներու: Բռնապետերը ազատ հասարակութիւններուն թշնամիներն են: Թէ՛ Պելոռուսը եւ թէ Ատրպէյճանը պէտք է անմիջապէս դուրս գան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրէն»:
10 օր առաջ, նոյն խումբը նաեւ կոչ ըրած էր պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի կառավարութեան յառաջատար անդամներուն դէմ:
Նշենք, որ Կիրակի օր, մօտաւորապէս 200,000 քաղաքացիներ բողոքի ցոյց կատարեցին Պելոռուսի մէջ՝ պահանջելով նախագահ վերընտրուած Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հրաժարականը եւ դատապարտելով անցեալ շաբթուան բողոքողի ցոյցին մասնակցողներուն դէմ բռնութիւնները: