Երկուշաբթի, 17 Օգոստոսին, Պիքֆայայի Ս․ Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառին այցելեց Ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ պատրիարքին ներկայացուցիչը։ Ան կաթողիկոսին փոխանցեց պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, ինչպէս նաեւ վեհափառին ուղղուած անոր անձնական նամակը, որուն մէջ պատրիարքը ցաւը կը յայտնէ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին պատճառով զոհուած հայերուն, վիրաւորներուն եւ պայթումին պատճառած վնասներուն գծով: Ան նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ կաթողիկոսին ճամբով Լիբանանի հայութեան: Յայտնենք, որ հայրապետը եւ պատրիարքը շուրջ 40 տարիներ միասին գործակցած են Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդին մէջ:
Նոյն օրը, կաթողիկոսը նման նամակ մը ստացաւ նաեւ Յունաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետէն: