ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Թուրքիոյ իշխանութեան բոլոր լիազօրութիւնները հանրապետութեան նախագահին փոխանցող նոր վարչաձեւէն ետք Թուրքիոյ ազգային խորհրդարանը մեծ մասամբ կորսնցուց իր հեղինակութիւնը։ Խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմող երկու կուսակցութիւններուն պատգամաւորները ընդհանրապէս կը գոհանան նախագահական պալատէն եկած կանոնագրութիւններու կամ օրինագիծերու վաւերացումը ապահովելով։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամները իրենց պատգամաւորի կոչումը կ՛արդարացնեն զանազան նախարարներուն պաշտօնապէս հարցագիրներ ուղղելով։ Այդ առումով խորհրդարանի աչքառու ընդդիմադիր պատգամաւորներէն մէկն է Կարօ Փայլան, որ այս օրերուն Անգարայի երբեմնի հայկական Սթանոզ գիւղի լքեալ գերեզմանի թալանման համար մշակոյթի նախարարին եւ միւսն ալ իր անդամակցած կուսակցութեան գրաւեալ քաղաքապետութիւններու մասին ներքին գործոց նախարարին երկու հարցագիրներ ուղղեց։
Սթանոզ պատմական գիւղը կը գտնուի մայրաքաղաք Անգարայի մերձակայ Սինճան գաւառի մէջ։ Սթանոզցիներ անցեալին գաղթած են Պարսկաստանէն եւ իրենց հետ բերած են հիւսուածեղէնի արտադրութեան զարգացած գիտելիքը։ Համբաւաւոր «անկորա» կտաւագործութիւնը իրենց շնորհիւ գոյացած է։ Ցեղասպանութենէն ետք ամբողջովին լքուած գիւղին գերեզմանատունը կ՛ենթարկուի գանձախոյզերու յարատեւ թալանին։
Փայլանի անդրադարձած երկրորդ կէտն է՝ վերջին շրջանային ընտրութիւններէն ետք իր կուսակցութեան նուաճած 65 քաղաքապետարաններէն 47ին կառավարութեան ձեռքով առգրաւումը։
Փայալանի հարցումները ներկայ դրութեան մէջ թէեւ շինիչ ազդեցութիւն մը պիտի չունենան, բայց պատմական փաստեր ըլլալով՝ տեղ պիտի գտնեն Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան մէջ։ Այլ խօսքով՝ Փայլան ներկայ պահուն կ՛աշխատի պատմութեան համար։