ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ իր միջինարեւելեան շրջապտոյտին սկսաւ՝ այցելելով Իսրայէլ, ուր հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ:
«Փոմփէօ Միացեալ Նահանգներու` Իսրայէլի զինուորական գերակայութիւնը պահպանելու վերաբերեալ մտավախութիւնս փարատեց», ըսաւ Նեթանիահու` աւելցնելով. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւնը կը ներառէ որեւէ զէնքի գործարքի իսրայէլեան համաձայնութիւն: Շրջանին մէջ այլ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւններուն յառաջ մղումը կը մնայ առաջնահերթ»:
Փոմփէօ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները պարտաւորուած կը զգայ պահպանել շրջանին մէջ իսրայէլեան բանակին գերակայութիւնը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Փոմփէօ Իսրայէլէն ուղղակի պիտի մեկնի Սուտան, ապա` Պահրէյն փորձելով այդ երկիրներուն եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոցման համաձայնութիւններ ապահովել: Ան նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պիտի այցելէ։
Նշենք, որ Իսրայէլի մէջ Փոմփէօ աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ «Մոսատ»ի ղեկավար Եոսի Քոհենի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի թղթածրարները:
Միւս կողմէ, Մարոքի վարչապետ Սաատետտին Օսմանի յայտարարեց, որ իր երկիրը Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում կը մերժէ։