ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ո՞ւր էին հայոց սրբութիւնները կուտակուած: Ո՞ր ամրակառոյց շինութիւնը պահպանած էր մեր հոգեւոր եւ նիւթական հարստութիւնները: Պատասխանը գտնելու համար, դիտենք հայոց լեռներուն վրայ, բարեբեր դաշտերուն մէջ եւ յորդահոս գետերուն եզերքը կառուցուած մեր հեթանոսական սիւնազարդ տաճարները: Մշոյ դաշտի Անահիտի տաճարէն մինչեւ ծովեզրեայ Արտամետի Աստղիկի տաճարը, ու Երիզայի (Երզնկա) Միհրի տաճարէն մինչեւ Քերքէ լերան վրայ Վահագնի տաճարը՝ մեր հարցումին պատասխանը երկվանկ բառ մըն է. «տաճար»: Այսօր յարգելի ընթերցող, ուխտագնացութիւն մը պիտի կատարենք դէպի մայրենիի անցեալը ու պիտի զրուցենք «տաճար» բառին մասին: Զարմանալով պիտի տեսնենք, թէ այդ պարզունակ գոյականը դարեր շարունակ իր մէջ պարունակած եւ պահպանած է հայու լեզուական գանձերը:
Իբրեւ տաճարաշէն հնագոյն ազգ՝ հայերս «տաճար» բառն ալ, անյիշելի ժամանակներէն սկսեալ, կառուցեր ենք մաս առ մաս, վանկ առ վանկ: Այս բառը, իրօք, նոյնքան հին ու հոյակապ է, որքան մեր նախնիներուն կանգնեցուցած քարաշէն տաճարները:
Հեթանոս աղօթքներու, հերոսավէպերու կամ երգերու մէջ ի՞նչ գործածութիւն ունէր «տաճար» բառը: Դժուար է ըսել: Քանզի հայկական գրաւոր գրականութեան արշալոյսին, երբ հայ մատենագիրները սկսեր էին քրիստոնէական հաւատքի սուրբ գիրքը հայերէնի թարգմանել, Վաղարշապատ քաղաքին մէջ, Միհրի տաճարի տեղ արդէն կառուցուեր էր Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, իսկ Նպատ լերան հիւսիսային ստորոտը, Բագաւանի տաճարին վրայ բարձրացեր էր եռախորան Սուրբ Յովհաննէսը: Դիմենք Սուրբ Գիրքին: Հոն 426 անգամ կը հանդիպինք «տաճար» բառին: Աստուածաշունչին մէջ կան նաեւ «տաճարակապուտ», «տաճարակից» եւ «տաճարապետ» բառերը: Եղիշէ պատմիչը երբ գրի առաւ «Վասն Վարդանայ եւ Հայոց պատերազմին» պատմագիրքը, «տաճար» բառով շինեց երեք պատկերաւոր արտայայտութիւններ. «Սուրբ տաճար», «Անքակ տաճար», «Բարձրագահ տաճար»: Այնուհետեւ, եկան այլ գրիչներ ու մեր «տաճար»ին ձօնեցին ընտիր արտայայտութիւններ: Ահա ակնառու քանի մը օրինակ. «Արքայաշէն տաճար», Ասապով, «Տաճար բանին», «Տաճար անեղին», «Անապական տաճար», «Լուսապատկամ տաճար», Խաչատուր Խասպէկ Կաֆացի, «Բարձրագոյն եւ պայծառ տաճար գովելի», «Տաճարս որպէս աղաւնի», «Աննման տաճար գովելի», «Տաճար փառաց», Վարդան Կաֆացի, «Տենչալի տաճար», Յակոբ Կաֆացի: Մեր արքունիքը այդ օրերուն ունեցեր է «Տաճար խորհրդոյ», որ կը համապատասխանէ մերօրեայ խորհրդարանին, կամ՝ Հայաստանի ազգային ժողովին: Իսկ Կիլիկիոյ հայերէնը «տաճար» բառի նոր տեսակի մը ծանօթացաւ, երբ արեւմուտքէն եկաւ կաթոլիկ ասպետներու միաբանութիւն մը, որ կը կոչուէր «Տաճարականներ»: Մեր ճկուն մայրենին ծնունդ տուաւ նաեւ «տաճարաբնակ», «տաճարազարդ», «տաճարաթռիչ», «տաճարախիտ», «տաճարայարդար», «տաճարասիւն» եւ «մեհենատաճար» բառերուն: Յիշեմ նաեւ ածական մը, որ խիստ պատուաբեր է եւ քիչերուն կը պատահի- «տաճարաշէն»: Հայոց պատմութիւնը կը յիշէ իւրայատուկ անձ մը, որ արժանացեր էր այդ տիտղոսին. 1672-1752 թուականներուն ապրած, ծնունդով Ակնցի, պոլսահայ Եաղուպ (Յովհաննէս) Յովհաննէսեան ամիրան է ան, որ իր կատարած բարեգործութիւններուն համար Նալեան պատրիարքին կողմէ յորջորջուած է «Տաճարաշէն երկրորդ Զօրաբաբէլ մը»:
Տաճար բառի նախնական իմաստներն են՝ պալատ, ապարանք, անկելանոց, հիւանդներ ու ծերեր պահելու յատուկ շէնք, սեղանատուն, շտեմարան, ամբարանոց, սեղան, կոչունք: Արդի գործածութեան մէջ, ակնարկելով հեթանոսական շրջանի շինութիւնները, «տաճար» բառով կը հասկնանք կռատուն, հեթանոսական արարողութիւններու եւ ծէսերու տուն: Ան նաեւ կը նշանակէ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նստավայրը, արուեստի եւ գիտութեան կեդրոն, խորին յարգանք եւ երկիւղածութիւն ներշնչող վայր: «Տաճար» բառով շիներ ենք նաեւ երկու դարձուածք: «Բերանը տաճար», այսինքն այն մարդը, որ բարի եւ օրհնուած խօսքեր կ՛ըսէ, իսկ մարդու բերանը «Բերան չէ, տաճար է», երբ հաճելի եւ ճշմարիտ խօսքեր կ՛ըսէ, մաղթանքներ կամ գուշակութիւններ կ՛ընէ:
Միջնադարու հայ բանաստեղծներուն համար «տաճար» էր Մարիամ Աստուածածինը: Անոնք բազմաթիւ աղաչական տողեր ուղղած են Տիրամօր. «Զքեզ ունիմ յոյս, տաճար Միածնին, սուրբ կոյս», Սիմէոն Կաֆացի, «Աստուածածին մաքուր տաճար», Կարապետ դպիր, «Ղամբարափայլ տաճար», «Տաճար լուսատու», «Անարատ տաճար», «Դու իմ տաճար բնակութեան», «Մաքուր եւ սուրբ տաճար», Ներսէս Շնորհալի:
1500ականներուն երբ հայկական տաղասացութիւնը աշխարհիկ ուղղութիւն կ՛առնէր ու ամէն բառի երկրաւոր իմաստը կը փառաբանուէր, «տաճար» բառն ալ կերպարանափոխուեցաւ, դարձաւ, ըստ Նահապետ Քուչակի՝ եարի ծոցը: Ահա աշուղին եւ անոր սիրածին ծիծաղաշարժ երկխօսութիւնը. (Յարգելի ընթերցող, եթէ ձեր սենեակին մէջ այժմ փոքր տարիքի երեխաներ կան, հետեւեալ քառեակը կարդացէք ցած ձայնով, կամ թելադրեցէք, որ մէկ վայրկեան դուրս ելլեն).
«- Քո ծոցդ է ճերմակ տաճար,
քո ծծերդ է կանթեղ կի վառ.
Երթամ ես, ժամկոչ ըլլամ,
գամ, լինիմ տաճարիդ լուսարար:
– Գնա, ծօ տղայ տխմար,
չի վայլես տաճարիս լուսարար.
Երթաս դուն խաղով լինաս,
ու թողուս տաճարս ի խաւար»:
Ջաւախքի զաւակ Աշուղ Ճիւանիի համար «տաճար» էր մօր ծոցը.
«Ջուխտակ շամամներդ դրախտ ծոցիդ մէջ,
Կաթնաղբիւր են եղել ինձ համար, մայրիկ,
Տատրակի պէս շատ եմ արել ելէջ,
Կրծքիդ վրայ մաքուր՝ սուրբ տաճար, մայրիկ»։
«Շամամ» բառը այս երգի մէջ եթէ անտեղի գտաք՝ իրաւունք ունիք, քանզի անիկա կը նշանակէ «փոքր սեխ»: Բայց յիշեցնեմ, թէ աշուղական երգերու մէջ ան կը նշանակէ «ստինք»: Նոյն թուականներուն Պոլսոյ մէջ, արեւմտահայ քնարերգական բանաստեղծութեան վերջին ներկայացուցիչ, Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանի սան Մատթէոս Զարիֆեանը «տաճար» բառին մէջ կը տեսնէր համամարդկային միտք. «Պէտք է որ երկիրն ըլլայ միշտ տաճար»: Պէրպէրեան վարժարանի հիմնադիր Ռեթէոս Պէրպէրեանի «Դպրոց եւ դպրութիւն» գիրքին մէջ «տաճար» էր՝ դպրոցը. «Երգ դպրոցի- Տաճար հրաշագործ, վսեմ ձուլարան»: Ռ. Պէրպէրեանի խօսքով՝ դպրոցը նաեւ «Զուարթ լուսոյ տաճար» էր: Բայց, օր մը արեւմտահայ մտքի տաճարը, ըստ Պարոյր Սեւակին՝ Պոլսին էր անիկա, աւերակ դարձաւ: «Անլռելի զանգակատուն» բանաստեղծութեան տողերը կը վկայեն, թէ ինչ ահրելի քանդում էր ան. «Ահե՜ղ գիշեր, / Որ բորբ ներկուեց ո՛չ արեւով, / Այլ մեր արեա՜մբ, / Ու կողոպտեց խորանները հայ կաճառի, / Խորանները հայ դպրութեան սուրբ տաճարի… Բարբարոսի խուժդուժ ձեռքեր / Սուրբ խորաններ կողոպտեցին՝ / Խորանները հայ կաճառի, / Հայ դպրութեան սուրբ տաճարի», «Պոլի՜ս, Պոլի՜ս… / Դու՝ էն գլխից սրբապղծուած, / Եղծուա՛ծ, / Կեղծուա՛ծ / Մի չար տաճար, / Իսկ մենք՝ դարձեալ հաւատացեալ…»: Յօդուածիս սկիզբը ըսեր էի, թէ «տաճար» բառը ունի «խորին յարգանք եւ երկիւղածութիւն ներշնչող վայր»ի իմաստը: Ահա անոր գեղեցկագոյն եւ ազգավայել գործածութիւնը, Վահան Տէրեանի «Մի խառնէք մեզ» հայրենասիրական քերթուածին մէջ: Հոն «տաճար» է դարձած ամբողջ Հայաստանը.
«Չի հասկանայ ձեր հոգին
եւ ծոյլ, եւ օտար,
Տաճար է մեր երկիրը,
սուրբ է ամէն քար»:
Յարգելի ընթերցող, հակառակ բոլոր որոնումներուս, չյաջողեցայ գտնել գրական պատառիկ մը, ուր «տաճար» է մեր մայրենին: Բայց, մենք գիտենք, թէ իրօք տաճար մըն է մեր «նահանջող», «մահացող» լեզուն եւ մենք՝ «դարձեալ հաւատացեալ»: