ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով բժիշկ Յակոբ Յովակիմեանին շնորհուեցաւ Ազգային հերոսի բարձրագոյն կոչում՝ բազմաթիւ մարդկային կեանքեր փրկելուն եւ անոր տարած երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքին համար։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը։
«Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւների եւ պատուաւոր կոչումների մասին» օրէնքի 5.3րդ յօդուածի 1ին մասին, առողջապահութեան զարգացման գործում Հայաստանի Հանրապետութեանը մատուցած բացառիկ ծառայութիւնների, սրտի բարդ վիրահատութիւններ իրականացնող նորարարական բժշկական կենտրոն ստեղծելու եւ մեծաթիւ նոր մասնագէտներ պատրաստելու, բազմաթիւ մարդկային կեանքեր փրկելու եւ երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքի համար բժիշկ Հրայր Սահակի Յովակիմեանին պարգեւատրել Հայրենիք շքանշանով», կ՛ըսուի հրամանագիրին մէջ։
«Հայրենիքի շքանշան»ը կը յանձնուի երկրի պաշտպանութեան, իրաւակարգի ամրապնդման բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ազգային նշանակալի արժէքներու ստեղծման գործին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մատուցած համազգային նշանակութիւն ունեցող բացառիկ ծառայութիւններուն համար: «Հայրենիքի շքանշան»ով պարգեւատրուած անձը կը նկատուի Հայաստանի ազգային հերոս:
Տարեսկզբին առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան խնդրած էր վարչապետէն՝ նախագահին առաջարկել բժիշկ Հրայր Յովակիմեանը «Հայրենիքի շքանշան»ով պարգեւատրել:
Բժիշկ Հրայր Յովակիմեան առաջին Ազգային հերոս բժիշկն է եւ 19րդ անձը, որ արժանացած է այդ բարձրագոյն կոչումին:
Շնորհաւորութիւններ եւ անվտանգ ու քաջառողջ կանաչ ճանապարհ կը մաղթենք Բժիշկ Հրայր Սահակի Յովակիմեանին: Աստուած օգնական Հայ Հերոս:
Յակոբ թէ Հրայր ‘ Asbarez get your act together !!