ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Ս․ Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումէն ետք, Բիւզանդական պատմական եկեղեցի մը եւս կը բաժնէ նոյն ճակատագիրը։ Զ. դարէն մնացած Քորա (Քարիյէ) եկեղեցին Պոլսոյ գրաւումէն ետք՝ 1511ին, մզկիթի վերածուած էր։ 1945ին, անիկա թանգարանի վերածուեցաւ։ Այդ թուականէն ետք վերաշինութեան շատ լուրջ աշխատանք տարուած էր, յատկապէս պատերու ծեփով ծածկուած խճանկարները եւ որմնանկարները երեւան հանելու համար։ 1320ական թուականներուն, Թէոտորոս Մեթոհիտեսի պատուէրով նախշուած սրբանկարները բիւզանդական արուեստի ամէնէն ցայտուն օրինակները կը համարուին։ Այդ նկարներուն մէջ կ՛արտացոլուի քրիստոնէական պատմութիւնը, ժամանակագրական հետեւողականութեամբ։
Թանգարանը դարձեալ մզկիթի վերածելու որոշումը տրուած էր 2019ին։ Որոշումին գործադրութիւնը բողոքի ձայներու պատճառ դարձաւ։ Քաղաքին այդ հատուածին մէջ բաւական շատ են գործող մզկիթները եւ այս որոշումները ո՛չ թէ կարիքի մը պատճառով, այլ պարզապէս կրօնական ոխի մը դրսեւորում ըլլալով մզկիթի կը վերածուին։