ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի (ԳՄ) Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Գերագոյն մարմինի գրասենեակին մէջ 28 Օգոստոսին տեղի ունեցած հանդիպման, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ԳՄի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան եւ ԳՄի անդամ Շաղիկ Մարուխեան, քննարկուեցան հայրենադարձ լիբանանահայերու եւ սուրիահայերու հարցերը:
Ողջունելով ներկաները` ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը իր ամբողջ ներուժը մնայուն կերպով օգտագործած է` օժանդակելու համար հայրենադարձներուն` հայրենիքի մէջ հաստատման եւ վերջիններուն դարձեալ արտագաղթելու ցաւալի դէպքերու նուազեցման:
Ըստ Սաղաթելեանի՝ հարցերը շատ են եւ բազմաշերտ, անոնք ունին թէ՛ առարկայական եւ թէ ենթակայական պատճառներ: Անոնք պէտք է արձագրուին պատկան պետական մարմիններուն կողմէ, ուսումնասիրուին եւ համապատասխան ջանքեր գործադրուին` անոնց արագ լուծում տալու ուղղութեամբ: Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ ամէն ինչ պէտք է ընել, որպէսզի հայրենիք վերադարձածները այլ երկիր երթալու փափաք չունենան երբեք։
Ան դիտել տուաւ, որ հարցերը իսկապէս շատ են, ու, դժբախտաբար, հայկական պետութիւնը պահանջուած քայլերուն չի ձեռնարկեր, որ մեր հայրենակիցներուն կեանքը աւելի դիւրին ըլլայ հայրենիքի մէջ: «Մենք առաջիկայում անհրաժեշտ քայլեր ենք ձեռնարկելու, որպէսզի հայրենադարձուած անձանց խնդիրները կարգաւորուեն օրէնքի ուժով», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Սաղաթելեան։
Քննարկման ներկայ լիբանանահայ եւ սուրիահայ հայրենադարձները մատնանշեցին զիրենք յուզող եւ հրատապ լուծման կարօտ շարք մը հարցեր, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերին հայրենադարձները առաւել յաճախ հետաքրքրող հարցերու պատասխանները պարունակող հարթակներու հասանելիութեան դիւրացման, Հայաստանի վարորդական իրաւունքներու վկայականներու բացակայութեան կամ մեծ դժուարութիւններով ձեռքբերման։ Հայրենադարձները կը մտահոգեն նաեւ շարք մը երեւոյթներ, որոնք ոչ միայն հոգեբանական, այլ նաեւ նիւթական իմաստով ունին բացասական ազդեցութիւններ, ինչպէս՝ բնակարաններու եւ ծառայութիւններու վարձքերու արհեստականօրէն թանկացում, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն Հայաստան գացողներուն մօտ նիւթական տագնապ՝ նկատի ունենալով այդ երկիրներուն մէջ տիրող կացութիւնը՝ անգործութիւն, ընկերային եւ կենցաղային դժուարութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր: Ներկաները նաեւ դիտել տուին, որ կան հայրենադարձներ, որոնք կը փափաքին Արցախ հաստատուիլ, սակայն կան նիւթական եւ այլ բնոյթի բազմաթիւ դժուարութիւններ. Ուստի, անոնք խնդրեցին այս հարցը եւս բարձրացնել Հայաստանի եւ Արցախի համապատասխան պետական կառոյցներուն առջեւ: