ԼԵՒՈՆ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին՝ Լեւոն Ահարոնեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2020ին, Թեհրանի մէջ, Պարսկաստան։
«Քորոնա» Ժահրի համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատճառով, յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2020ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Թեհրանի Նոր Բուրաստան գերեզմանատան մէջ, պիտի կատարուի ընտանեկան պարագաներով միայն։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Վահէ եւ Դորին Ահարոնեան
Թոռները՝ Անդրէ եւ Փաթրիկ Ահարոնեան
Եղբօր կինը՝ Նորա Ահարոնեան
Եղբօր ընտանիքը՝ Իռէն Մեսարեան, զաւակները՝ Արմէն Ահարոնեան, Թալին եւ Էդմոնդ Գրիգորեան, Էմմա եւ Մայքըլ
Քենին՝ Ժակլին եւ Իվ Լովարդ եւ ընտանիք
Խնամին՝ Ալիս Աբգարեան
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները