ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի վրայ կրակած եւ զայն սպաննած ոճրագործ Օկիւն Սամաստ բանտին մէջ վերջերս կատարած է բռնութիւններ։ Տեղական մամուլը կ՛անդրադառնայ Սամաստի վերաբերեալ զանազան իրադարձութիւններու։ Արդարեւ, ան շուրջ 13 տարի բանտարկուած մնալէ ետք պիտի կարենար ազատ արձակուիլ՝ ըստ ներկայ օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն։ Սակայն, բանտին մէջ կարգապահական յանցագործութիւններ կատարած ըլլալուն պատճառաւ, ան ներկայիս զրկուած է այդ հնարաւորութենէն եւ պիտի շարունակէ մնալ բանտարկուած։
Ըստ «Հիւրրիյէթ» թերթին՝ Սամաստ յարձակած է իր խուցը մուտք գործած բանտապահներուն վրայ։ Ան սպառնացած է բոլորին եւ նոյնիսկ բանտապահներէ մէկուն կոկորդին դաշիւն երկարած է։