ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Ատրպէյճան պիտի չմասնակցի Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք «Կովկաս 2020» ռազմափորձերուն, հաղորդեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու նախապէս յայտնած էր, որ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան, ԱՊՀի եւ ՀԱՊԿի երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները համաձայնած են ընդլայնել ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ իրականացուող համագործակցութիւնը եւ այդ գծով միացեալ առաջին ռազմափորձերը պիտի կատարուին «Կովկաս 2020»ի ծիրին մէջ:
«Քորոնա» ժահրի վտանգներէն մեկնելով, ռազմափորձերուն մասնակցութենէն հրաժարած էր Հնդկաստանը:
Ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան այս ամիս` Ռուսիոյ հարաւը: