ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Պի.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան նահանգներուն մէջ կենսոլորտի ջերմանցաման, կայծակներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներու անպատասխանատու քայլերուն պատճառով ծագած առնուազն 100 հրդեհներ կը շարունակեն ծուխի եւ մոխիրի ալիքներու տակ պահել լայնատարած շրջաններ։
Անոնք ցարդ առնուազն 3 զոհեր խլած են Քալիֆորնիոյ մէջ. նոյնքան զոհեր արձանագրուած են Օրիկընի մէջ եւ առնուազն մէկ հոգի մահացած է Ուաշիկթընի մէջ։ Այրած են նաեւ տասնեակներով կառոյցներ։