ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Թաղային աննախընթաց ժողովի մը կը հրաւիրուիմ:
«Երթամ, թէ չերթամ»ի որոշումիս մէջ շուարած` վերջապէս հրաւիրուած ըլլալու պատշաճութիւն մը յարգելով, թաղի իւրաքանչիւր տանտիրոջ ուղղուած նամակին մէջ յիշուած ժամուն որոշուած տեղը կ՛լլամ:
Իւրաքանչիւր կողմի վրայ տասական տուն քով-քովի բարձրացած` մեր թաղամասին է խօսքս, հոն , ուր քանի մը տարիէ իվեր քոյրս ու ես դրացիներ դարձած էինք:
Խորհրդակցական ժողով մըն էր մեզմէ պահանջուածը, իսկ դրդապատճա՞ռը… աջիս ու ձախիս վրայ գտնուող տուներուն մէջ, իմինիս պէս ալ պատահած էր ահաւոր դէպք- գողութիւն, որուն ամենապզտիկ մանրամասնութիւններն անգամ գիտնալու հետաքրքրութեամբ, շուրջիններէս ամէն օր ինծի ուղղուած «ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս» հարցումներուն կիսկատար պատասխանելով, ամէն ինչ մէջս նորոգուած` դէպքը ամբողջութեա՛մբ հոն հասնելէ ետք կը սկսիմ պատմել:
Առաւոտեան ժամը 4 էր, շատ լաւ կը յիշեմ, ի՞նչ եւ ի՞նչ պատճառներով, այդ օր քանի մը ժամ մէյ մը արթնցած` ննջարանիս պատշգամէն շշուկներ, իսկ աւելի ուշ խօսակցութեան ձայներ լսեցի. ճի՞շդ էին այդ ամէնը, թէ ինծի այդպէս թուեցաւ, չգիտցայ, բայց ստուգման համար անկողինէս դուրս ելլելով` լոյսը միացնելու վրայ էի, երբ անմիջապէս հրաժարեցայ, այն քաջ համոզումով, որ յաճախ գիշերները , առողջապահական մտահոգութեամբ շինուած ամերիկայի տախտակէ տուներուն մէջ եղած պահարաններու դռներուն ճաթրտուքի ձայներն էին անոնք, ու այնքան վստահ, ոչինչ պատահածի պէս, հանգիստ միտքով անկողին կը վերադառնամ, բայց քունի անցնելու չհասայ, երբ այս անգամ տունը պաշտպանող ելեկտրական սարքին ահազանգը հնչեց:
Այլեւս ո՛չ մէկ կասկած, ո՛չ մէկ ուրիշ հաւանականութիւն, իրականութեան առջեւ տակն ու վրայ եղած` վար կ՛իջնեմ. տունը առանձին էի. գլուխս երկու ձերքերուս մէջ առած` ի՞նչ ընելու մտահոգութեամբ, ահազանգի ցուցակը կարդալու փորձիս մէջ կը հասկնամ, որ պատշգամի դուռը բանալ փորձելով ստեղծուած ահաւոր աղմուկին մէջ, գողը խուճապի մատնուած ու փախուստ տուած էր արդէն: Զով մեղադրեմ, որմէ՞ կասկածիմ, չեմ գիտեր, ու արաբական «դուռդ գոց պահէ ու ոչ՛ ոքի մեղադրէ» խօսքը միտքիս մէջ, տակաւին մէջս ստեղծուած նեղութիւնը թեթեւցնելու համար, ուղեղս ամէն կողմ յամառութեամբ թափառելով, վերջապէս «հերոս« մը կը գտնէ. պատահականութեամբ փողոցը հանդիպած գործ փնտռո՞ղն էր արդեօք, որուն օգնելու նպատակով , առաջին ու վերջին անգամուան համար դրացիիս ուղղութեամբ բարձրացած ծառերս կտրել տուած էի…, եթէ նոյնիսկ ինք եղած ըլլար այդ յանցագործը, ո՛չ մէկ ձեւով զինք ամբաստանելու կամ նոյնիսկ մեղադրելու իրաւունքը ունէի, այնքան ատեն որ փաստ չունիմ:
«Բարիք` չարիքի դէմ… միշտ եղած է ու կ՛ըլլայ». ասոնք եղան պատմութեանս վերջին խօսքերը, որոնց աւարտին՝
– Ոստիկանութեան լուր տուի՞ր, կ՛ըլլայ հանգստեան կոչուած մեքսիքացի դատաւոր դրացիիս հարցումը. հիմա, անմիջապէս գնա՛ ու ամէն ինչ տեղեկացուր, կ՛ըսէ:
– Բայց տան ապահովութեան սարքը իր գործը ըրած է, ու տունէն ոչինչ գողցուած, ուրեմն` ինչո՞ւ…
– Բոլորիս ապահովութեան համար պէտք է որ ցուցմունք տաս, ու ամէն ինչէ տեղեակ պահես զանոնք:
– Հիմա ասոր ատե՞նն է, կը մտածեմ, ու դժգոհ տրամադրութեանս առջեւ,
– Պէտք եղածը կ՛ընենք, մի՛ մտահոգուիք, կը միջմամտէ քոյրս:
– Միշտ դրամի ու ոսկեղէնի համար է որ նման դէպքեր կ՛ըլլան , եղած են ու պիտի ըլլան տակաւին, կը բացատրէ հանդիպակաց տան մէջ ապրող, տարիներու ուսուցչուհի ամերիկացի դրացուհիս, ու կարծես բոլորին տրամադրութիւնը փոխելու մտահոգութեամբ, «գողը մէյ մը տունս թող գայ, կ՛երդնում, 40 տոլարէն աւելի ոչինչ պիտի գտնէ, իսկ զարդեղէններս… իսկականի փոխարէն`բոլորն ալ «Սվարուսքի» ընտանիքին կը պատկանին, թող գողնայ ու կարծեցեալ այդ ադամանդներուն տէր դառնայ, կ՛աւելցնէ:
Բոլորին դէմքին վրայ գծագրուած ժպիտով մը, փոխուած տրամադրութեամբ ես ալ քովս կեցող հնդիկ դրացուհիիս կը նայիմ, կոտրտուած անգլերէնով , բոլորիս ականջը խլացնելու չափ բարձրաձայն, բան մը սկսաւ բացատրել, որմէ ոչինչ հասկցած՝
-Եթէ հնդկերէն երգ մը երգած ըլլար, կարծեմ շատ աւելի լաւ գործ ըրած պիտի ըլլար, ես ինծի կ՛ըսեմ, ու քիչ մը աւելի հեռուն նայելով` քով-քովի կեցած`«երկուքս էլ մի պոյի» այս անգամ քորէացի ու ճափոնցի դրացիներուս նայուածքս ուղղած` կը փորձեմ հասկնալ, թէ իրարու եւ մանաւանդ բոլոր ներկաներուն ի՞նչ կ՛ուզէին ըսել. իւրաքանչիւրը երեք մատները օդին մէջ բարձրացուցած` յստակօրէն միլիոն, միլիոն, միլիոն բառերը կրկնելով` գլխու շարունակական աջ, ձախ, վեր ու վար շարժումներու հետ, վերջապէս բոլորիս համար հասկնալի դարձաւ, որ ինձմէ քանի մը օր առաջ, տանս ձախին վրայ ապրող, ու ժողովին բանաւոր պատճառով բացակայած իրենց այդ մէկ ազգականին տունէն` 3 միլիոնի ադամանդ գողցուած էր: Ու այսքանը իմանալէ ետք, լսածիս չհաւատացած` աջիս ապրող ամերիկացի դրացիիս կը դառնամ ու հազիւ լսելի ձայնով մը կ՛ըսեմ.
– Իսկ քու տունէդ որքա՞ն… ըսելու չհասայ, երբ…
– Բացի դրամապանակիս մէջ եղած 100 տոլարէն ու ամէն կողմի վրայ սառնարանէն սկսեալ` մինչեւ բաղնիքին մէջ եղած տակնուվրայութիւններէն, ոչինչ գողցուած էր:
Պատահածէն` ամէնէն անվնաս դուրս եկողը, փառ՜ք Աստուծոյ, ես էի կարծես.
Ամէն ինչ լսելէ ու կարծիքներու փոխանակումներէ ետք, բայց վաղը ի՞նչ կրնայ պատահիլ-ի լարուածութեամբ ժողովը հասած էր իր աւարտին, որուն որպէս արդիւնք` թաղի բոլոր տուները, այդ օրուընէ սկսեալ, աւելի լուսաւորուած պահելու եւ ամէն տեղ տեսախցիկներ օգտագործելու որոշումով, ներկայութեանս համար գոհ` տուն վերադարձած` կը մտածեմ:
20 բնակարան հաշուող թաղամասին մէջ կան միա՛յն ու միա՛յն երկու ամերիկացի ընտանիքներ…
Մեծամասնութիւնը դարձած է փոքրամասնութի՞ւն… այ՞ս է պատկերը բոլոր շրջաններուն մէջ, իսկ եթէ այդպէս է, որուն շատ ու շատ կը կասկածիմ, փոքրամասնութիւնն ալ օր մը կրնա՞յ դառնալ մեծամասնութիւն…: Այն ատե՞ն ալ ամերիկայի համար ձուլարան է պիտի ըսուի:
Այսօր` խառնարան է, այ՛ո, բայց ձուլարան` ո՛չ. այնքան ատեն ,որ ամէն տեսակի ու գոյնի մարդուն տրուած ամէն ինչ ընելու եւ ըսելու բացարձակ իրաւունքով` «ամբոխները խելագարուած»ի պէս պատմական յուշարձաններ վար կ՛առնուին, Ս.գիրքեր ու դրօշակներ կ՛այրուին , ժողովուրդ պաշտպանող, բայց այլեւս անպաշտպան մնացած ոստիկաններ իրարու ետեւէ կը սպաննուին, աւելի՛ն վրիպած փամփուշտներով անմեղ երեխաներ կը մեռնին …: Ամիսներու վրայ երկարող այս դէպքերը ժամանակաւո՞ր են, բայց ե՞րբ եւ ի՞նչպէս կրնան վերջանալ, ոչ ոք գիտէ, ու պիտի գիտնայ տակաւին այնքան ատեն, որ նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին ըլլալու փաստին առջեւ, հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ երեւցող, օրը նոր` այժմէական դարցած քաղաքական աննախընթաց «թուիթր«»եան գրառումները նոր…, այնքան ատեն, որ Հիմնական երկու մեծ կուսակցութիւններու «միս ու ոսկոր» ուտող լարուածութեամբ, «ի շահ» երկրին արիւնալի ցոյցերով տուներ կ՛այրուին, շուկաներ ու գործատեղիներ կը թալանուին, պետական կառոյցներ կը քանդուին, ու դիտողի հանգամանքով իւրաքանչիւրին շահերը իրագործուած` լուծման համար գործնական ո՛չ մէկ քայլ կ՛առնուի…:
«Քորոնա» ժահրին կողքին` բոլոր այս նորութիւններուն առջեւ, զանոնք երբե՛ք չըմբռնելու, չհասկնալու ու չընդունելու յոգնածութեամբ` հօրս խօսքերը անգամ մը եւս կրկնելով` կ՛ըսեմ. «ՀԷյ կը տի Ամերիկա…»