ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Սրտի խոր կսկիծով կը միանամ Ամերիկահայ Համայնքի եւ Դաշնակցութեան գաղափարական ընտանիքի մեծ սուգին։ Կեանքէն հեռացած է Քեսապի հայկական արծուեբոյնի հպարտ զաւակ՝ ընկ. Մանաս Պուճիքեանը, մեծ բաց մը թողնելով մեր հասարակական գործի ասպարէզներէն ներս։ Հայ Դատի հետապնդման գործին անխոնջ նուիրեալն էր ան իր հաւատքով, յստակատեսութեամբ եւ յանձնառութեան ուժով։
Կը յիշեմ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հիմնադիր կազմին մէջ էր ան իր աշխոյժ ներկայութեամբ եւ միաժամանակ՝ բազմաթիւ ուրիշ վճրորոշ առաքելութիւններու վրայ Երկրի եւ Արտերկրի մէջ։ Միշտ կորովի, միշտ պատրաստակամ, միշտ խիզախ եւ միշտ բարեխիղճ եւ անաչառ։ Պարզին վսեմութիւնն էր ան — լաւատեսութեան անյատակ շտեմարա՛ն մը — եւ այդպէս ալ ապրեցաւ իր ամբողջ կեանքը։ Եւ անշուշտ ինք մինակ չէր։ Մեծ եղած է թիւը — եւ է — մեր քաղաքական եւ յեղափոխական գործի ուխտեալներուն։ Ընկ Մանաս կը պատկանէր Դաշնակցութեան այդ մատեան գունդին։
Ինք միշտ մեզի հետ պիտի ըլլայ մեր ազգային պայքարի առաջին գիծերուն վրայ եւ մեր երթը, շնորհիւ իր նման զինուորներուն, երբեք կանգ պիտի չառնէ։ Իմ խոր վշտակցութիւնը իր հրաշալի ընտանիքին եւ բոլոր մեր ընկերներուն։ Հողը թեթև գայ վրադ, անբասիր ընկե՛ր։