Այս հաստատումը Արամ Ա. վեհափառը կատարեց անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն հետ ունեցած իր առցանց խորհրդակցութիւններէն ետք: Արդարեւ, կաթողիկոսը իւրաքանչիւր թեմի հետ առանձնաբար աւելի քան ժամ մը առցանց խորհրդակցութիւն ունեցաւ, թեմակալ առաջնորդին ու Ազգային վարչութեան ատենապետին հետ միատեղ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին նախ թեմի պատասխանատուները զեկուցեցին կատարուած աշխատանքներուն ու յետագայ ծրագիրներուն մասին, ապա վեհափառին փոխանցեցին թեմին դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Այս ծիրին մէջ, յատուկ տեղ գրաւեց լիբանանահայութեան օժանդակութեան հարցը, «Քորոնա» ժահրին ստեղծած կացութիւնը եւ այդ գծով կատարուած աշխատանքները ու կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւնը: Հայրապետը, լսելէ ետք թեմերուն զեկոյցները ու դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ իր գնահատանքը յայտնեց թեմի կազմակերպ եւ կենսունակ կեանքին, ինչպէս նաեւ դէպի ժողովուրդ ուղղուած անոր ծառայութիւններուն նկատմամբ ու բնականաբար անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց:
«Բնականաբար թեմերը կ՛ապրին տարբեր պայմաններու մէջ, ներքին տարբեր դրուածքներ ունին, որոշ չափով տեղական տարբեր մտահոգութիւններ, սակայն նաեւ ունին հասարակաց եւ ընդհանրական բնոյթ ունեցող մարտահրաւէրներ ու առաջնահերթութիւններ: Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ տեղական պայմաններուն առնչուած տարբերութիւնները եւ շեշտել ընդհանրական եւ համահայկական բնոյթ ունեցող խնդիրները, երեւոյթները ու ծրագիրները» ըսաւ ան։
Արամ Ա. կաթողիկոսը անգամ մը եւս շեշտեց «Սփիւռքի կազմակերպչական հզօրութիւն տալու, անոր մարդկային ներուժը համադրելու, համահայկական ծրագիրներու եւ ազգային պահանջատիրութեան գծով կատարուող աշխատանքները ներդաշնակելու եւ Հայաստանի ու Արցախի պետութեանց առաւել հզօրացման նպաստելու իր հաւաքական յանձնառութիւնը ամրացնելու անյետաձգելի հրամայականը»: Հայրապետը խորապէս կը հաւատայ, թէ «անհրաժեշտ է գաղութները իրենց ներամփոփ ու ինքնակեդրոն վիճակներէն դուրս բերել եւ համախմբել համահայկական շրջագծին մէջ՝ ի խնդիր համազգային առաջնահերթութիւններու իրագործման: «Այս յոյժ կարեւոր աշխատանքը կ՛ենթադրէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը եւ այս գծով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, երեք կուսակցութիւններուն եւ քոյր կազմակերպութիւններուն դերին ներդաշնակումը աւելի քան երբեք կը մնայ վճռական», ընդգծեց կաթողիկոսը: