ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29րդ տարեդարձին առիթով, զանազան երկիրներու ղեկավարներ, թագաւորներ եւ իշխաններ, նաեւ բարձր մակարդակի անձնաւորութիւններ շնորհաւորական ուղերձներ յղեցին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։
Իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը այս տարի շնորհաւորական ուղերձ յղեցին նաեւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը։ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին անունով իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները յղեց նախագահ Սարգսեանին, Հայաստանի կառավարութեան եւ բարեկամ հայ ժողովուրդին` յուսալով, որ մնայուն յառաջդիմութիւն եւ բարգաւաճում կ՛ապրին:
Մոհամետ պըն Սալման իշխանը իր շնորհաւորագիրին մէջ Հայաստանին եւ հայութեան յայտնեց յաւելեալ բարգաւաճման իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստանի նախագահին յղուած ուղերձին մէջ անդրադարձ կայ այն իրողութեան, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի աւանդութիւններուն վրայ։ «Դաշնակցային յարաբերութիւններու, բազմակողմանի համագործակցութեան հետագայ զարգացումը անկասկած կը բխի մեր եղբայրական ժողովուրդներու երկարաժամկէտ շահերէն եւ պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման», կը յայտնէ Փութին:
Վլատիմիր Փութինի՝ վարչապետ Փաշինեանին ուղղուած շնորհաւորագիրին մէջ կը շեշտուի, որ Ռուսիոյ մէջ մեծ կարեւորութիւն ունին Հայաստանի հետ բարեկամական եւ դաշնակցային յարաբերութիւնները: «Վստահ եմ, որ մեր երկիրներուն կառուցողական երկխօսութիւնը, զանազան ոլորտներու մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկման գործընթացներու ծիրին մէջ փոխգործակցութիւնը ասկէ ետք եւս պիտի շարունակուի աշխուժօրէն զարգանալ: Ասիկա, անկասկած, կը համապատասխանէ ռուս եւ հայ ժողովուրդներու շահերուն, կ՜ընթանայ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման հունով», կ՛ըսէ Փութին։
Հայաստանի անկախութեան տօնը շնորհաւորեց նաեւ ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշ, որ դիտել կու տայ, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան իւրաքանչիւր անդամ ունի իր իւրօրինակ մշակոյթը եւ պատմութիւնը, բազմազանութիւն, որ կը հարստացնէ մեր կազմակերպութիւնը եւ մեր աշխարհը: «Շատ կարեւոր է ՄԱԿի աշխատանքներու ծիրին մէջ ձեր երկրին ներգրաւուածութիւնը միջազգային օրակարգերու մէջ», Կը յայտնէ ան։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Մաքրոն շեշտեց, որ Ֆրանսա եւ Հայաստան կրնան հպարտանալ պատմական կապերու, համայնական յիշողութեան եւ ընդհանուր տեսլականի վրայ հիմնուած յագեցած փոխյարաբերութիւններուն համար: «Այս առանձնայատուկ կապերը առաւել քան երբեք կը կազմեն հարստութիւն մը, զոր մենք պարտաւոր են զարգացնել: Անոնք մեզ կը դարձնեն աւելի ուժեղ՝ դիմագրաւելու այն մարտահրաւէրները, որոնք ծառացած են մեր երկիրներուն առջեւ: Կ՛ուզեմ վստահեցնել, որ Ֆրանսա վճռական է՝ աջակցելու Հայաստանին փոփոխութիւններու այն խիզախ գործին մէջ, որուն ձեռնարկած է Հայաստանի կառավարութիւնը 2018էն ի վեր: Ֆրանսան ձեր կողքին է՝ նպաստելու ձեր տնտեսութեան նոր վերելքին, ինչպէս նաեւ աջակցելու Հայաստանին՝ ներդնելու երկարատեւ յստակ ծրագիրներ առողջապահութեան ոլորտին եւ կլիմայական փոփոխութիւններու հետեւանքներուն դէմ պայքարին մէջ: Առաւել քան երբեք մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն բոլոր դերակատարները պատրաստ են աջակցելու բարեփոխումներուն եւ մասնակցելու տնտեսական վերելքին: Հակառակ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հարկադրանքին, ես գոհունակութիւն կը յայտնեմ համալսարանական, կրթական եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ մեր համագործակցութեան վերջին ձեռքբերումներուն համար: Առիթէն օգտուելով՝ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ Ֆրանսա, իբրեւ Մինսկի խումբի համանախագահ, ոչ մէկ ջանք կը խնայէ հասնելու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու արագ վերսկսման՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ տեւական կարգաւորման յոյսով»։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դիտել կոը տայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ձեռքբերման յաջորդած 29 տարիներուն, Միացեալ Նահանգները եղած է հայ ժողովուրդի կողքին եւ աջակցած է ժամանակակից ժողովրդավարութեան կառուցման եւ տնտեսական զարգացման վերաբերող Հայաստանի ջանքերուն: «Մենք պատրաստ ենք շարունակելու համագործակցութիւնը մեր ընդհանուր շահերուն, որոնց կարգին երկկողմանի առեւտուրի ու ներդրումներու ընդլայնման, իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման, տարածաշրջանային կայունութեան եւ ձեր երկրի ինքնիշխանութեան սատարելու տիրոյթներուն մէջ: Այսօրուան մարտահրաւէրները անգամ մը եւս կը վերահաստատեն մեր գործընկերութեան կարեւորութիւնը: Հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներուն միջեւ կապերը անհերքելիօրէն ամուր են ու տեւական՝ ըլլան անոնք միասնաբար նոր ժահրի համաշխարհային համավարակին դիմակայելու թէ Աֆղանիստանի կամ Քոսովոյի միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ կողք կողքի ծառայելու ծիրին մէջ: Այս առանձնայատուկ օրուան առիթով, ձեզի կը մաղթեմ ամենայն բարիք եւ անհամբերութեամբ կը սպասեմ մեր բարեկամութեան ամրապնդման՝ յառաջիկայ տարուան ընթացքին», կը յայտնէ Թրամփ։
Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա կ՛անդրադառնայ Երեւանի եւ Հռոմի միջեւ յարաբերութիւններուն, որոնք հին են ու խոր, բայց, միաժամանակ, կը նային դէպի ապագայ: «Անոնք կ՛արտացոլան երկու երկիրներու արգասաբեր համագործակցութեան մէջ, որուն ամբողջական կարելիութիւններէն պարտին օգտուիլ զոյգ երկիրները։ Այս առումով առաջնային կը մնայ համերաշխութիւնը: Բարդ մարտահրաւէրներու պարագային, ինչպիսին է յամեցող համաճարակը, որ նաեւ ստիպեց վերակազմակերպել ցանկալի եւ շատ սպասուած ձեր այցելութիւնը, Հայաստան եւ Իտալիա կրցան դիմակայել արտակարգ իրավիճակին եւ հաստատել դրական համագործակցութիւն ու փորձառութեան փոխանակում առողջապահութեան բնագաւառին մէջ: Յոյս ունիմ եմ, որ նաեւ Եւրոպական Միութեան աջակցութեան շնորհիւ, որուն մէջ Իտալիան եւս աւանդ ունի, կարելի պիտի ըլլայ նոր վստահութեամբ նայել ապագային եւ զարգացման ու բարգաւաճման ուղիին», կ՛ըսէ Իտալիոյ նախագահը:
Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտօ իր նամակին մէջ կը յայտնէ, որ իր երկիրը կը միանայ Գանատայի հայ համայնքին, աշխարհի հայերուն՝ նշելու Հայաստանի անկախութեան 29րդ տարեդարձը: «Գանատան արեւմտեան առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելով 1992ին: Այդ ատենէն ի վեր, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կառուցուած են ընդհանուր արժէքներու վրայ եւ միայն ամրացած են», կ՛ըսէ Թրուտօ։
Ըստ անոր՝ հայկական ծագում ունեցող առաւել քան 60 հազար գանատացի ամէն օր կարեւոր ներդրում կ՛ունենայ երկրին մէջ: Վարչապետը կը յայտէ, որ Հայաստան եւ Գանատա սերտօրէն կը գործակցին միջազգային կառոյցներուն մէջ։
«2018 թուականին ես Հայաստան այցելեցի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ քննարկեցինք երկկողմանի յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ուղիները: Մենք կ՛ակնկալենք խորացնել մեր գործընկերութիւնը շարք մը կարեւոր ոլորտներու մէջ», կ՛աւելցնէ Թրուտօ։
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի իր ուղերձին մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Բարձր կը գնահատեմ մեր բարեկամական երկիրներու յարաբերութիւնները եւ խորապէս շահագրգռուած եմ տարբեր ոլորտներու մէջ անոնց հետագայ խթանումով»:
Շնորհաւորական ուղերձ յղեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Խալիֆա պըն Զայէտ ալ Նահեան, իսկ Ապու Տապիի գահաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ ալ Նահեան նոյնպէս շնորհաւորեց նախագահ Արմէն Սարգսեանը: «Պատիւ ունիմ ձերդ գերազանցութեան յղելու ամենաջերմ շնորհաւորանքներս եւ բարեմաղթանքներս Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առիթով: Ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ երջանկութիւն, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ու բարեկամ ժողովուրդին՝ յառաջընթաց եւ բարգաւաճում», կը գրէ ան։
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս իր շնորհաւորական խօսքին մէջ կ՛ըսէ, թէ բարձր կը գնահատէ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի նեցուկը ու զօրակցութիւնը պաղեստինեան դատին, մաղթելով երկու ժողովուրդներուն յարատեւ բարեկամութիւն:
Շնորհաւորական ուղերձներ յղեցին եւ երկու երկիրներու բարեկամութիւններու կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առին նաեւ Չինաստանի, Իւզպեքիստանի, Թուրքմենիստանի, Ինտոնեզիոյ, Զուիցերիոյ, Վրաստանի, Ղազախստանի, Գերմանիոյ, Պելոռուսի, Աւստրիոյ, Հնդկաստանի եւ Էսթոնիոյ նախագահները ու Ճափոնի կայսրը։
We would be happy to see Iran’s congratulation on Independence day; moreover, never done, only promise, signed
approval before elections, Sevres treaty acceptance by candidate(s) and Genocides; if done will find big number supporters from several nationalities during WW1 for possible reparation realizations.