Տարուան ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառը յաճախակի առիթներով կ՛այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը եւ մօտէն կը հետաքրքուի թանգարանին աշխատանքներով։ Այս առաւօտուն, հայրապետը դարձեալ այցելեց, շրջեցաւ թանգարանի բաժանմունքները եւ գոհունակութեամբ իմացաւ, որ հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, թանգարանը կը շարունակէ հայ թէ օտար այցելուներ ունենալ։
Կաթողիկոսը շեշտեց խնամակալութեան գործունէութեան վերաշխուժացման հրամայականը եւ թանգարանի յուշամատեանին մէջ արձանագրեց. «Այն հայը, որ կ՛այցելէ այս թանգարանը արցունքոտ աչքերով՝ սակայն իր պահանջատիրական կամքը վերանորոգած դուրս կու գայ։ Իսկ օտարը, որ կ՛այցելէ՝ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդի արդար դատին»։