ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ զինուած յարձակման փորձը, որ 14 Հոկտեմբերին կատարուեցաւ՝ թիրախ դարձնելով Վարդենիսի շրջանին մէջ հերթապահութիւն իրականացնող մարտական համակարգը` ընդամէնը մերկապարանոց ենթադրութիւններու հիման վրայ՝ իբր թէ այդ համակարգը «պատրաստ էր հարուածելու Ատրպէյճանի խաղաղ բնակավայրերը»:
Կը նշուի, որ, Ատրպէյճան ոչ միայն կը հրաժարի իրականացնել 10 Հոկտեմբերին հաստատուած կրակի դադրեցումը, այլ նաեւ Թուրքիոյ բացայայտ սադրանքով կը ձգտի ընդարձակել ղարաբաղեան հակամարտութեան աշխարհագրութիւնը`արդէն նախայարձակ ըլլալով եւ բացայայտ յարձակում կատարելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին վրայ:
«Ադրբեջանական կողմի բոլոր գործողութիւններն արժանանալու են համարժէք պատասխանի`ՀՀ ԶՈՒ իրենց տրամադրութեան տակ եղած միջոցներով:
«Խստօրէն դատապարտում ենք Ադրբեջանի կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ զինուած ագրեսիայի (յարձակման-Խմբ.) փորձը եւ նախազգուշացնում, որ Ադրբեջանի սադրիչ գործողութիւններն ունենալու են անդառնալի ռազմաքաղաքական հետեւանքներ, որոնց ողջ պատասխանատուութիւնը կրում է Ադրբեջանի ղեկավարութիւնը», հաստատեց նախարարութիւնը: