ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Սէուտական Արաբիոյ արքայական տոհմէն Ապտուլռահման պըն Մուսաատ պըն Ապտուլազիզ Սէուտ յորդորեց պոյքոթի ենթարկել թրքական ապրանքները, կը հաղորդէ Haberturk-ը։
Նշենք, որ Ռիատ դժգոհ է Քաթարի մէջ զօրք հաստատելու Անգարայի քայլէն։
Իշխանը այս կոչը կատարեց՝ իբրեւ հակադարձութիւն Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ «Քաթարի մէջ թրքական բանակը կը նպաստէ Ծոցի երկիրներուն մէջ իրավիճակի կայունացման»:
Սէուտական Արաբիոյ առեւտուրի պալատի ղեկավար Աճլան Աճլան նման կոչ մը կատարեց՝ նշելով․ «Պոյքոթեցէ՛ք թրքական ամէն բան՝ ներածումը, արտածումը, ներդրումները եւ զբօսաշրջութիւնը: Այժմ այդ մէկը իւրաքանչիւր գործարարի եւ սպառողի պարտականութիւնն է»։