ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլը իր բոլոր միջոցներով կը փորձէ հրահրել Արցախի շուրջ հետզհետէ սաստկացող պատերազմը։ Այդ ընթացքին մէջ կարգ մը շրջանակներ ալ կը փորձեն ատելութեան մթնոլորտէն օգտուելով՝ հալածել խաղաղապաշտ քաղաքական գործիչները։ Կարօ Փայլան եւս՝ իբրեւ թիրախ ցոյց կը տրուի ազգայնամոլ շրջանակներու կողմէ, որուն հետեւանքով, մեծ թիւով մտաւորականներ ահազանգ հնչեցուցին եւ կոչեր կատարեցին Կարօ Փայլանին զօրակցելու համար։
Այժմ արդէն մեկնարկած է ստորագրահաւաք մը, որուն նշանաբանն է՝ «Կարօ Փայլանի կողքին ենք»։ Արդէն իսկ բազմաթիւ ստորագրութիւններ հաւաքուած են այդ կոչին տակ։