ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրի տարածման արագութիւնը վերջին օրերուն մեծ աճ կ՛արձանագրէ: Ցարդ վարակուածներուն թիւը հասած է 39 միլիոնի, որոնցմէ 1.1 միլիոնը մահացած է: Ապաքինած են մօտաւորապէս 29.2 միլիոն վարակուածներ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն՝ անցեալ շաբաթուան ընթացքին բոլոր նոր վարակումներուն 70 տոկոսը արձանագրուած է տասը, իսկ կէսը՝ երեք երկրներու մէջ:
Մտահոգիչ հանգամանք է իր ստեղծած պատուաստի փորձերը ժամանակաւորապէս դադարեցնելու մասին դեղագործական Johnson & Johnson ընկերութեան որոշումը: Յիշեցնենք, որ այդ քայլին ընկերութիւնը դիմեց, երբ պատուաստը ընդունած անձերէն մի քանին հիւանդացան:
Վարակին տարածման նոր արագութիւնը ստիպեցին Ֆրանսայի, Սպանիոյ եւ Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն, որ դարձեալ սահմանափակումներ հաստատեն:
Նշենք, որ Լոս Անճելըսի մէջ վարակումներու համեմատութիւնը կը նուազի, վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին 3.1 տոկոսի իջնելով։ Քալիֆորնիոյ տարածքին ցարդ արձանագրուած են 865,559 վարակումեր եւ 16,760 մահեր: Թեքսասի եւ Ֆլորիտայի մէջ յաջորդաբար 851,400 եւ 744,988 վարակումներ արձանագրուած են եւ յաջորդաբար՝ 17,308 եւ 15,737 մահեր։ Առնուազն 8.1 միլիոն վարակակիրներով եւ 220,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Հնդկաստան, Պրազիլ եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 7.3 միլիոն, 5.1 միլիոն եւ 1.3 միլիոն վարակուածներ: Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 151,971 մահեր, Հնդկաստանի մէջ՝ 112,138, իսկ Մեքսիքայի մէջ՝ 84,898: