ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 14 Հոկտեմբերի գիշերը, Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ տեղի ունեցաւ Էսթոնիա-Հայաստան մրցումը, որ կ՛իյնայ «Ազգերու լիկա»ի ֆութպոլի մրցաշարքին, Գ. դասակարգի, Բ. խմբակի 4րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
8րդ վայրկեանին, Կամօ Յովհաննիսեան բացաւ մրցումին հաշիւը: Նշենք, որ ան իր առաջին կօլը կը նշանակէր հաւաքականին հետ:
Հիւրընկալ կազմին պատասխանը սակայն եղաւ քիչ մը արագ՝ 14րդ վայրկեանին:
Բ. կիսախաղին, թէեւ երկու կազմերը փորձեցին կօլ նշանակել, սակայն արդիւնքը մնաց անփոփոխ եւ անոնք իրարու հետ արձանագրեցին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Դասաւորման պատկերը եւս մնաց անփոփոխ, նկատի ունենալով, որ նոյն խմբակին մէջ տեղի ունեցած միւս մրցումը՝ Մակեդոնիոյ եւ Վրաստանի միջեւ, նմանապէս աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Նշենք, որ այս առիթով, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին ֆութպոլիստները այցելեցին Թալինի հայկական եկեղեցին եւ դիմաւորուեցան հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ «Արարատ» ակումբի պատանի ֆութպոլիստներուն կողմէ:
Յայտնենք, թէ 11 Հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Լեհաստանի մէջ մրցեցաւ Վրաստանի դէմ, նոյն մրցաշարքին ծիրին մէջ եւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց: