ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումի գծով Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Փոմփէոյին` սահմանագծումի բանակցութիւններու շրջագիծին մէջ Միացեալ Նահանգներու խաղցած միջնորդի դերակատարութեան համար:
«Լիբանան յանձնառու կը մնայ ծովային եւ ցամաքային իր իրաւունքներուն, նաեւ գերիշխանութեան պահպանումին», հաստատեց նախագահ Աուն:
Իր կարգին, Փոմփէօ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները օժանդակութիւններ կ՛առաքէ Լիբանանին` վերակառուցելու համար այն շրջանները, որոնք քանդուած էին Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին պատճառով: