Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ, 18 Հոկտեմբերին, հարիւրաւոր ինքնաշարժներով զանգուածային երթ մը տեղի ունեցաւ` խաղաղութեան եւ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու պահանջով:
Diario Armenio թերթը հաղորդեց, որ հայ համայնքի ներկայացուցիչները պահանջեցին դատապարտել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնարարքները, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Նշենք, որ երթին մասնակցողները պաստառներ եւ դրօշներ փակցուցած էին ինքնաշարժներուն վրայ: Մոնթեվիտէոյի փողոցներուն մէջ ցուցարարները միաբերան երգեցին Հայաստանի քայլերգը, իսկ աւարտին՝ նախաձեռնութեան կազմակերպիչներէն մէկը ընթերցեց պահանջները եւ ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը: