Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ» խորագիրը հագած՝ աւելի քան 15 տարիներու դժոխային տարիները, բազմապիսի երեսներուն շարքին, պատմութեան անցուց «հակահայ արարքներ»ու դիպաշար մը (որուն տարբերակներուն ականատես ենք նաեւ այս օրերուն):
Պայթումէն կարճ ատեն ետք, Պէյրութը, նաեւ ամբողջ Լիբանանը իրողական բաժանումի ենթարկուեցան եւ յառաջ եկան երկու մեծ գօտիներ, իրենց ենթագօտիներով հանդերձ: Պէյրութի մէջ, ստեղծուեցան արեւելեան ու արեւմտեան կէսերը, որոնք տարբեր փուլերու զգեցան տարբեր զգեստներ, պահելով արտաքին միեւնոյն պատմուճանը: Նպատակ չունինք վերաքաղը ընելու այդ մանրամասնութիւններուն:
Հակահայ արարքները հաւասարապէս բեմ ընտրեցին քաղաքի արեւելեան ու արեւմտեան գօտիները: Թէեւ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ անոնք արտայայտութիւն գտան տարբեր մղումներով, սակայն ունեցան ընդհանուր հասարակ յայտարար մը՝ փորձել հայ համայնքը ենթարկել այս կամ այն եղբայրասպան ուժին ազդեցութեան, կամ՝ հարուածել ու սպառել մեր Դատի միջնաբերդը ըլլալու այս օճախին հզօրանքը: Կարելի է հատոր հրատարակել հակահայ արարքներուն մասին («Ազդակ» տարիներ առաջ հրատարակեց նման հատոր մը), որոնք կ՛առանձնանան լիբանանեան բեմի այլ դիպաշարներէն: Եթէ միայն յիշատակենք հայերու առեւանգումներն ու սպանութիւնը՝ երկու գօտիներուն մէջ, Պիքֆայայի յուշարձանին ռմբահարումը, հայկական կեդրոններու դէմ խափանարարական արարքներ, մեր թաղամասերուն ուղղակի ռմբակոծումը-թիրախաւորումը, մտաւորական-գրող ու ղեկավար դէմքերու եւ ազգի ու Դատի ծառայութեան մէջ վաստակ կերտած նուիրեալներու ահաբեկումը, կը կարծենք, որ մօտաւոր ուրուագիծը տուած կ՛ըլլանք այդ դէպքերուն: Աւելցնենք մանրամասնութիւն մը. այդ արարքները չսահմանափակուեցան որոշ տարիներով, այլ ընկերացան պատերազմական գրեթէ բոլոր տարիներուն, մերթ ընդ մերթ ստանալով համեմատաբար սաստիկ բնոյթ: Դժբախտ իրականութիւն էր նաեւ այն, որ սպանութիւններու եւ առեւանգումներու մէջ մեղսակցութիւն ունեցան հայանուն վարձկաններ…: Մեր մամուլին ու կարգ մը հրատարակութիւններու մէջ կարելի է գտնել այդ դէպքերուն տարեգրութիւնը:
***
Եթէ արեւելեան գօտիին մէջ արձանագրուած արարքները կրնան կազել մեր ակնարկած հատորին մէկ բաժինը, կ՛ուզենք պահ մը կեդրոնանալ «արեւմտեան» Պէյրութի մէջ արձանագրուած դիպաշարին վրայ, որ 1980ականներու առաջին կիսուն եւ անկէ ալ քիչ մը անդին, ունի իր «առանձին պատմութիւնները», եւ որուն իւրաքանչիւր էջը համաչափօրէն արժանի է յիշատակութեան: Յաճախ գրուած ու յիշատակուած են, օրինակի համար, հայկական երեսփոխանական պլոքի պետ ընկ. տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեանի դէմ մահափորձը, վաստակաւոր ու երիտասարդ ընկերներու եւ ազգայիններու, նաեւ «պատահական» հայորդիներու վրայ յարձակումներն ու առեւանգումները (տոքթ. Յարութիւն Գազանճեան, ընկերներ Սարգիս Զէյթլեան, Լեւոն Պէրպէրեան, Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Ներսէս Խիւտավէրտեան, Յակոբ Պարսումեան, Նշան Ճոզիկեան, Յարութ Մատէնլեան եւ ուրիշներ), կեդրոններու դէմ թրքաբարոյ խափանարարութիւնները («Ազդակ»ի թուղթի մթերանոցին հրդեհումը եւ նման դէպքեր): Այս դիպաշարին մէջ «մոռացութեան» գիրկը ինկած է անմոռանալի դէպք մը, որ կապուած է ընկ. Վարանդ Փափազեանին: Անոր անակնկալ հրաժեշտը բնականաբար այս օրերուն առիթ կու տայ ընկերներու եւ ծանօթներու, որ անդրադառնան իր վաստակին ու արժանիքներուն: «Ազդակ»ի յարկին տակ, անկէ առաջ ու ետք, իրեն հետ ծանօթութիւնս եւ աշխատակցութիւնս ինծի ալ կրնայ ահագին նիւթ տրամադրել՝ գրելու իր մասին, սակայն կը նախընտրեմ առանձնացնել այդ դէպքը:
…Ճշգրիտ օրը չեմ յիշեր: 80ականերու սկիզբներուն էր: Երեկոյ մը «Ազդակ»ի տպարանը լուր հասաւ, որ քանի մը թաղ անդին ապրող ընկ. Վարանդ Փափազեան մահափորձի ենթարկուած է, կրակած է փորձը կատարողներուն վրայ եւ փրկուած՝ մեծ վտանգէ մը: Պաշտօնակից ընկերոջ մը հետ փութացինք անոր բնակարանը, նախ խնդակցելու ազատելուն, յետոյ նաեւ իմանալու մանրամասնութիւնները: Ծանօթ է, որ անոր բնակարանը կը գտնուէր Ն. Փալանճեան ճեմարանի կողքի թաղին մէջ, ՀՄԸՄի մարզադաշտ-ակումբին կից շէնքին մէջ: Բարձրացանք երկրորդ յարկը եւ հնչեցուցինք դրան զանգը: Նրբանցքը կիսամութ էր: Դրան ետեւէն լսուեցաւ ընկ. Վարանդին ժպտալի ձայնը. «Սագօ՛, ուրտեղէ՞դ կ՛ուզես…»: Յայտնապէս ներսէն՝ դրան վրայ հաստատուած մանր դիտակէն տեսած էր մեր ով ըլլալը: Դուռը բացաւ զարմացածներուս առջեւ եւ, ներսէն աւելի լուսաւորուած դրան վրայ, ցոյց տուաւ փոքր ծակ մը: Քանի մը նախադասութեամբ պատմեց, որ պատշգամին բաց պատուհանէն լսած է հայախօս անծանօթ տղոց կասկած արթնցնող զրոյցը, անոնք քիչ ետք հասած են իր յարկաբաժինին դրան առջեւ, սպառնական խօսքերուվ պահանջած են ու դուռը բանայ, իսկ ինք, զգալով թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ այդ «անկոչ հիւրերուն» դիտաւորութիւնը, դրան դիմացի սենեակին պատին ետին պատսպարուելով, կրակած էր դէպի դուռը: «Այցելուները» փախուստ տուած էին, յայտնապէս վիրաւոր մը տալով, որովհետեւ անոնց մեկնումէն ետք, օգնութեան փութացող պահակ տղոց հետ աստիճաններուն վրայ ու շէնքի մուտքին արեան հետքեր տեսնած էր: Ուրեմն, քիչ առաջ, դրան ետեւէն, այդ դէպքէն բխած կատակով մըն էր որ ինծի կը դիմէր ըսելով. «Ուրտեղէ՞դ կ՛ուզես…», իսկ դրան վրայ երեւցող ծակը իր կրակոցէն ծնած էր:
Ան ալ բաժնեկից եղած էր, յետոյ ալ՝ մնաց, նման դէպքեր «բնական դիմակայութեամբ» ընկալելու տրամադրութեան ու ոգիին, որ համակած էր մեր ինքնապաշտպանութեան պատնէշներուն վրայ կանգնող քաջասիրտ պահակ տղոցմէն մինչեւ քաղաքական ու ապահովութեան աշխատանքներուն լծուած աչքառու եւ անտեսանելի ղեկավարները, որոնք պատուով առաջնորդեցին հայութեան նաւը՝ բազմապիսի եւ բազմաբնոյթ փոթորիկներու ընդմէջէն, իրենց գործո՛վ իսկ կենդանի պատգամներ արձանագրելով իրենց ժամանակներու եւ յաջորդ սերունդներուն: Երբեմն «մանր դրուագներ» կրնան խտացնել շատ բան…
16 Սեպտեմբեր 2020