ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմի ամէնէն աշխոյժ մարտական գործողութիւններու յարակից շրջաններու բնակիչներուն հետ: Այս մասին գրած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան: Ան յայտնեց, որ բնակիչները խուճապի մէջ չեն, անոնց մարտական ոգին բարձր է՝ հայրենի հողին ամուր կառչելու վճռականութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.