ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան Ուրբաթ օր հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ երկար տարիներով հանրային յարաբերութիւններու, քաղաքական եւ ռազմագիտական սպասարկութիւններ մատուցող «Մըրքիւրի» հաստատութիւնը որոշեց իր կապերը խզել Անգարայի հետ, տեղի տալով հայ համայնքին եւ անոր ջատագովներուն պահանջներուն։
Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ մղուող ցեղասպանական արշաւին աջակցելու Թուրքիոյ քայլերուն հակազդելու համար, հայ համայնքը Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 15 անդամները, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամներ Քեթլին Պարկըր եւ Հիլտա Սոլիս, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արտի Քասախեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 16 անդամներ պահանջած էին «Մըրքիւրի» հաստատութենէն, որ անմիջապէս կապերը խզէ Անգարայի հետ։
Նշենք, որ իբրեւ զօրակցութիւնը հայութեան՝ Լոս Անճելըսի Համայնքային համալսարաններու վարչութիւնը կապերը խզեց «Մըրքիւրի» հաստատութեան հետ, Թուրքիոյ հետ անոր կապերուն պատճառով։
Յիշենք, որ այս տարուան Փետրուարին, «Մըրքիւրի» հաստատութիւնը մէկ միլիոն տոլարի նոր համաձայնագիր մը կնքեց Անգարայի հետ, Թուքիոյ վարկը արհեստականօրէն բարելաւելու նպատակով։
Աւելի կանուխ, Պաքուի ցեղասպանական արշաւը քննադատով՝ Livingston Group եւ DLA Piper հաստատութիւնները իրենց կապերը խզեցին Ատրպէյճանի հետ։