ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ հիասթափած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի պայմանաւորուածութիւնները չգործադրելէն: Նախագահ Թրամփ այս մասին խօսեցաւ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով հրադադարի համաձայնութեան չյարգուելուն վերաբերող հարցումի մը։
Ան ընդգծեց, որ հակամարտութիւնը կը շարունակուի շատ երկար տարիներէ ի վեր՝ աւելցնելով. «Ահա թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ կան երկիրներ, որոնք այդ բոլորին մէջ են երկար ժամանակէ ի վեր: Այո՛, այդ հիասթափեցնող է»:
Միացալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակը կը կարգաւորուի: