ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր»․- Իրանի բանակի ցամաքային ուժերու հիւիս-արեւմտեան շրջանի ընդհանուր հրամանատար Ալի Հաճիլու յայտնեց, որ բանակի 321րդ յարձակողական շարժական ջոկատի կարգ մը ստորաբաժանումներ պիտի տեղակայուին երկրին հիւսիս-արեւմտեան սահմաններուն վրայ: Այս մասին հաղորդեց «ԻՐՆԱ» լրատու գործակալութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ բանակը խստօրէն պիտի պայքարի Իրանի անվտանգութեան ուղղուած որեւէ սպառնալիքի դէմ: «Մեր թշնամիները թող գիտնան, որ եթէ Իրանի անվտանգութեան դէմ որեւէ գործողութիւն իրականացնեն, անոնց ձեռքերը կը կտրենք», նշեց Հաճիլուն: