Եւրոպական Միութեան Աթէնքի գրասենեակներուն առջեւ 29 Հոկտեմբերի երեկոյեան համախմբուեցան հայեր եւ յոյներ, ընդառաջելով ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան կոչին։ Հաւաքին մասնակցեցան նաեւ արաբական եւ քրտական համայնքներու անդամներ, որոնք իրենց ներկայութեամբ զօրակցութիւն յայտնեցին հայ ժողովուրդին։
Հաւաքին մասնակցողները մեծ պաստառներ պարզած էին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները։
ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամները բարձրախօսով տեղեկութիւններ կարդացին՝ նկարագրելով Արցախի իրավիճակը։ Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան պատասխանատու նդամներուն կողմէ Եւրոպական Միութեան Աթէնքի ներկայացուցչութեան յանձնուեցաւ յուշագիր մը, որուն մէջ կը բացայայտուէր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, անոնց իրագործած վայրագ յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի դէմ, արգիլուած զէնքերու գործածութիւնը եւ անզէն բնակչութեան դէմ կիրարկուած բռնութիւնը։
Յուշագրին մէջ կոչ կ՛ուղղուէր Եւրոպական Միութեան, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու դիմէ եւ Թուրքիոյ զինամթերքի վաճառքը կասեցնէ։