ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 23 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնը սկսաւ իր 2020-2021 տարեշրջանի դասընթացքները՝ շուրջ 25 ուսանողներով:
Կեդրոնը կը շարունակէ հայագիտական իր դասաւանդութիւններու նոր հանգրուանը, ուր ուսանողներ, հետեւելէ ետք երեք տարուան վրայ երկարող ծրագիրին՝ կը ստանան համապատասխան վկայագիր: Դասընթացքին ծրագիրը կը ներառէ կրօնագիտութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, մատենագրութիւն, երաժշտութիւն, մամուլ եւ տեղեկատուութիւն, հայոց պատմութիւն, Հայ Դատ, լեզու եւ քերականութիւն, մանկավարժութիւն, արուեստ, թատրոն, «Հայկական կալուածներու իրաւական վիճակը Թուրքիոյ մէջ» նիւթերը:
Նոյնպէս, «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնը իր BT, TS եւ LT ծրագիրներով՝ սկսաւ իր դասաւանդութիւնները:
ԿՐԹԱԿԱՆ և ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ