ԻԶՄԻՐ, «Սի.Էն.Էն.».- Ուրբաթ օր, Թուրքիոյ արեւմուտքը եւ Յունաստանի Սամոս կղզին ցնցած 7 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժը նիւթական մեծ վնասներ պատճառեց յատկապէս Իզմիրի մէջ, ուր քանդուեցան բազմաթիւ շէնքեր, առնուազն 83 անձեր մահացան եւ մօտաւորապէս 1000 ուրիշներ վիրաւորուեցան։ Սամոսի մէջ երկու անձեր մահացան:
Եգէական ծովուն մէջ պատահած երկրաշարժը զգացուեցաւ նաեւ Պոլսոյ մէջ: