ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս.- Ռուսիա Արցախի հակամարտութեան կողմերուն կոչ ըրաւ՝ հանդուրժողականութիւն ցուցաբերելու, խուսափելու քաղաքացիական բնակչութեան հարուածներ հասցնելէ եւ թոյլ չտալու, որ արտաքին ուժեր միջամտեն: Այս կոչը 5 Նոյեմբերին կատարուեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի կողմէ:
«Վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ: Արձանագրուած են փոխադարձ կրակոցներ շփման գիծի բոլոր ուղղութիւններով: Թիրախ դարձած են նաեւ քաղաքացիական կառոյցներ», նշեց Զախարովա:
Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է գործնական քայլերու դիմել՝ հրադադարի հասնելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար, ինչպէս նաեւ հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւնները վերսկսելու նպատակով: