ԵՐԵՒԱՆ.- 12 Նոյեմբերին, օրէնքով սահմանուած կարգի խախտումով հաւաք կազմակերպելու եւ իրականացնելու կասկածով ձերբակալուեցան ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան, «Հայրենիք» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Արսէն Բաբայեան եւ երկու այլ անձեր՝ Արա Յակոբեան ու Խաչիկ Յովհաննիսեան:
Նոյն օրը երեկոյեան ազատ արձակուեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան, որոնք օր մը առաջ բերման ենթարկուեցան։ Սաղաթելեան հաստատեց, որ, հակառակ ամէն ինչի, պայքարը պիտի շարունակուի։
Անոր պաշտպանը՝ Լուսինէ Սահակեան, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ, թէեւ ձերբակալութիւնը ոչ-իրաւաչափ նկատուած է, սակայն թէ՛ Իշխան Սաղաթելեան, թէ՛ Արթուր Վանեցեան դարձեալ հրաւիրուած են Յատուկ քննչական ծառայութիւն։
Երեկոյեան՝ հանրահաւաքէն ետք, ազատ արձակուեցան նաեւ 11 Նոյեմբերին ձերբակալուած ՀՅԴի անդամ, «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական-վերլուծական բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան եւ ՀՀԿ խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով։
Նշենք, որ վերջին երկու օրերուն հանրահաւաքներու վայրերէն եւ իրենց գրասենեակներէն բերման ենթարկուեցան շուրջ 100 գործիչներ։