ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՄԱԿը Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ կոչ ըրաւ՝ Արցախի հակամարտութեան գօտիէն անյապաղ հեռացնելու վարձկան զինեալները։
Վարձկաններու օգտագործման հարցով ՄԱԿի աշխատանքային խմբակի փորձագէտները կը հաստատեն, որ Պաքու, Թուրքիոյ օժանդակութեամբ, սուրիացի զինեալներ օգտագործած է հակամարտութեան գօտիին մէջ, յատկապէս ճակատներու վրայ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու համար:
«Ռազմական գործողութիւններուն սկիզբէն՝ 27 Սեպտեմբերէն, մինչեւ վերջին հրադադարը, աշխատանքային խումբը շատ աւելի մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին եւ յարակից բնակավայրերուն մէջ կանխամտածուած յարձակումներու մասին պարբերաբար ստացուող հաղորդագրութիւններով, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններով, որոնց հետեւանքով արձանագրուած են մեծաթիւ քաղաքացիական զոհեր, ներառեալ՝ երեխաներ», կ՛ըսուի ՄԱԿի փորձագէտներու զեկոյցին մէջ, ուր կը նշուին նաեւ վարձկաններու կողմէ իրագործուած պատերազմական յանցագործութիւնները: