ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած էր Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ անյապաղ վերականգնեցնէ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի գործընթացը՝ վերանայելու համար Արցախի զինադադարի համաձայնաիրը, որ ստորագրուած է առանց խմբակի համանախագահող երեք երկիրներէն երկուքին՝ Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի, մասնակցութեան կամ համաձայնութեան:
Այս նպատակով, քոնկրեսականներուն դիմելու համար այցելել anca.org/OSCE կայքը։
Հայ Դատը Հինգշաբթի երեկոյեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ արդէն իսկ շարք մը քոնկրեսականներ եւս այս նպատակով յայտարարւթիւններ կատարած են։
«Ստորագրուած զինադադարը տագնապին երկարատեւ խաղաղ լուծում չէ: Կան բազմաթիւ առանցքային հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին, որպէսզի այս տագնապը կայուն լուծում ստանայ», գրած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ ուղղելով՝ անյապաղ վերականգնելու համագործակցութիւնը ԵԱՀԿի հետ՝ այդ հարցերու լուծման համար:
«Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցուող որեւէ ապագայ բանակցային լուծում պէտք է ապահովէ, որ Արցախի ժողովուրդը կարելիութիւն ունենայ վերականգնելու իր համայնքները եւ կեանքը` չվախնալով հետագայ արիւնահեղութենէն: Ներկայիս զինադադարի մէջ շարադրուած պայմանները անընդունելի են Արցախի երկարատեւ ապահովութեան համար։ Միջազգային ընտանիքը պէտք է վերջապէս ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անոր դերը իբրեւ բանակցող: Առանց անոր անոնք պիտի շարունակեն բախիլ ատրպէյճանական եւ թրքական ուժերու հետագայ յարձակումներուն»», կ՛ընդգծէ Փալոն:
Իր կարգին, Պրետ Շըրմըն դիմեց Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահին, որ աշխատի իր գործընկերներուն հետ` հասնելու Արցախի հարցի արդար եւ հաւասարակշռուած կարգաւորման: Ան նոյնպէս շեշտեց, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը պէտք է պահպանուի: «Զինադադարի պայմանները անարդար են: Թրամփի վարչակազմի բացակայութիւնը յանգեցուց աղէտալի հետեւանքներու՝ Հայաստանի ժողովուրդին համար: Որո՞նք պատրաստած են զինադադարի համաձայնագիրը․ Փութին եւ Էրտողան: Այս արդիւնք է Ամերիկայի ղեկավարութեան բացակայութեան: Մենք պէտք չէ կանգնինք այս աղէտալի գործարքին կողքին, որ պարտադրուած է Հայաստանին: Մենք զայն պէտք չէ նկատենք վերջնական կարգաւորում», նշեց Շըրմըն:
Էտըմ Շիֆ եւս հայութեան կողքին կանգնելու յայտարարութիւն մը կատարեց, Անգարան եւ Պաքուն պատասխանատուութեան կանչելու պահանջ ներկայացնելով։ Ան անընդունելի համարեց այն իրողութիւնը, որ համաձայնութիւնը գոյացած է առանց Մինսկի խմբակի երեք համանախագահներէն երկուքին մասնակցութեան։
Համաձայնագիրին դէմ արտայայտուեցան նաեւ քոնկրեսականներ Ճուտի Չու, Քերըլայն Մըլոնի, Լորի Թրահան, Թոնի Քարտենազ եւ ուրիշներ։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը նաեւ դիմեց ընտրեալ նախագահ Ճօ Պայտընին, որ Արցախի տագնապին բանակցութիւնները վերադարձնէ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի հովանիին տակ։