ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի վիրահատութիւնը յաջող անցած է Լոս Անճելըսի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:
«Հայ առաքելական եկեղեցու Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը եւ հաւատացեալները կ՛աղօթեն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենմ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին», գրուած է առաջնորդարանի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ: