ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴի անդամներ Գարիկ Աւետիսեան եւ Գեղամ Մանուկեան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ անժամկէտ հացադուլի սկսան՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելով։
Գ. Աւետիսեան վերջին պատերազմի առաջին 10 օրերուն մարտական գործողութիւններու մասնակցեցաւ Մատաղիսի ուղղութեամբ: Հոն տեսածէն ու վտանգներէ անցնելէ ետք, հացադուլը կը նկատէ տանելի միջոց մեր երկրի ապագան փրկելու համար: «Ես ոչ թէ հացադուլը համարում եմ երկրորդական վտանգ, վտանգը լուրջ է, բայց այլ ելք այս պահին չկայ, քանի դեռ Փաշինեանը հրաժարական չի տուել», ըսաւ ան:
Ըստ Գարիկ Աւետիսեանի՝ թէ՛ հանրահաւաքները, թէ՛ բողոքի միւս գործողութիւնները արդիւնաւէտ կրնան ըլլալ միայն համախմբուած ըլլալու պարագային, եթէ մարդիկ օգնեն իրարու:
Ան նշեց, որ զոհուածներու, վիրաւորուածներու եւ տեղահանուածներու հարցերուն Նիկոլ Փաշինեանի պարտուած կառավարութիւնը չի կրնար պատասխանը տալ: «Երէկ տեսնում ենք, որ մեր հայրենակիցներն իրենց իրերը տներից տեղափոխում են ադրբեջանցի զինուորների ծաղրանքի տակ, անգամ այդ մարդկանց անվտանգութիւնը ապահովուած չէ, ուր մնաց` ամբողջ երկրի անվտանգութիւն ապահովուի», դիտել տուաւ ան։
Գեղամ Մանուկեան հացադուլի սկսելու իր որոշումին մասին կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Իբրեւ Հայաստանի քաղաքացի, որ՝ մտահոգ է այս վիճակի համար, ապրում է անձնական, ազգային ողբերգութիւն՝ Հայաստանի իշխանութիւնների ու յատկապէս` վարչապետ Փաշինեանի վարած ապաշնորհ ու քայքայիչ գործունէութեան արդիւնքում մեր հայրենիքի մի կարեւոր հատուածի կորստեան պատճառով, նաեւ գիտակցելով, որ այս իշխանութիւնը, վարչապետ Փաշինեանը անկարող են երկրում կատարել փոփոխութիւններ, վարել բանակցութիւններ ու Արցախեան հարցում փորձել ստանալ հնարաւորինս բարւոք պայմաններ. յայտարարում եմ ԱՆԺԱՄԿԷՏ ՀԱՑԱԴՈՒԼ մէկ պահանջով` Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարականը»:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Գ. Մանուկեան յայտնեց, որ ինք հացադուլի որոշում տուած է որպէս դաշնակցական, ոչ թէ որոշումը տուած է Դաշնակցութիւնը, այսինքն՝ ասիկա չի փոխարիներ հանրահաւաքային պայքարը, այլ կ՛ամբողջացնէ զայն, հանրահաւաքները պիտի շարունակուին:
«Որքան էլ ցաւալի է, այսօր ես անժամկէտ հացադուլ յայտարարում եմ ոչ թէ օտար հարստահարիչի, այլ մեր երկրի վարչապետի հրաժարականի պահանջով: Անցնող մօտ 1 տասնօրեակի ընթացքում քաղաքական պայքարի բազում փորձեր եղան, որին մասնակից էի նաեւ ես: Այն պահանջները, որոնք ներկայացնում էին քաղաքական ուժերը, գիտական շրջանակները` այդ թւում Երեւանի պետական համալսարանն, ու շարքային մարդիկ, յստակ է. վարչապետը, որը գաղտագողի, միայնակ, առանց խորհրդակցելու որեւէ մէկի հետ, ստորագրել է կապիտուլեացիոն (անձնատուութեան-Խմբ.) մի յայտարարութիւն, որն իր ապաշնորհ գործունէութեամբ 2.5 տարուայ ընթացքում փլուզել է մեր արտաքին դիւանագիտական յարաբերութիւնները ռազմավարական դաշնակցի հետ, նաեւ այլ երկրների հետ, ով 2.5 տարուայ ընթացքում պոռոտախօսութեամբ, մեծախօսութեամբ, ինքնագովեստով, մտածելով լոկ սեփական փիառի, սեփական անձի նեղ շրջանակի մասին, կազմալուծել է Հայաստանի կառավարման ողջ համակարգը, վարչապետը, որը նուաստացուցիչ պայմաններով ստորագրել է փաստաթուղթ, երբ հնարաւորութիւն ունէր շատ աւելի լաւ պայմաններով զինադադար կնքել պատերազմի տարբեր փուլերում, որի մասին խորհուրդ էին տալիս նրան պարբերաբար, լոկ սեփական անձի փրկութեան համար նա չգնաց դրան եւ, ի վերջոյ, մեր հայրենիքի մեծագոյն մասը յանձնեց թշնամուն, նա օր առաջ պէտք է գնայ», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան:
Ըստ անոր՝ Փաշինեան վայրկեան առաջ պէտք է հեռանայ, քանի որ անոր ղեկավարութեամբ Հայաստանը չի կրնար զարգանալ, չի կրնար որեւէ դիւանագիտական գործունէութիւն ծաւալել յատկապէս արցախեան հարցին հաւանական բանակցային գործընթացին մէջ, չի կրնար փորձել դիւանագիտութիւն գործադրել, որ կարելիութիւն պիտի տայ այդ ստորագրուած յայտարարութեան ծիրին մէջ գոնէ առնուածէն բան մը ետ բերել։