ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոպայի ֆութպոլի համադաշնակցութիւնը հաղորդեց, թէ ցմահ կ’որակազրկած է ատրպէյճանական «Քարապաղ» ֆութպոլի ակումբի ընդհանուր քարտուղար Նուրլան Իպրահիմովը՝ ֆութպոլի վերաբերեալ ամէն տեսակի գործունէութենէն:
Բացի ասկէ, վերոնշեալ կազմակերպութեան պատժական յանձնախումբը, 100,000 եուրոյի տուգանք մը սահմանեց ակումբին դէմ:
Ինչպէս հաղորդած էինք, Իպրահիմով իր տուած մէկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հրապարակաւ յայտարարած էր, որ պէտք է սպաննել բոլոր հայերը՝ ծերեր, կիներ եւ երեխաներ:
Ասոր ի տես, Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը բազմաթիւ բողոքներ ներկայացուցած էր «Եու.Է.ԷՖ.Ա.»ին եւ ՖԻՖԱին, որպէսզի պատժական տնօրինումներու դիմեն Իպրահիմովի դէմ: Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ Իպրահիմով ստացաւ իր արդար պատիժը: