ԱԹԵՆՔ, «Ահվալ».- Յունաստանն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կնքած են փոխադարձ պաշտպանութեան մասին պայմանագիր մը, որ կը նախատեսէ երկիրներէ որեւէ մէկուն տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգի պարագային օգնութիւն ցուցաբերել:
Կը նշուի, որ յիշեալ դաշնագիրը մաս կը կազմէ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին աւելի լայն համաձայնագիրին:
«Յունաստանը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը դատապարտեն Թուրքիոյ կողմէ Յունաստանի Հանրապետութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան գերիշխանութեան ու գերիշխանական իրաւունքներուն խախտումը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ այդ երկրի յարձակողական պահուածքը», յայտարարեցին Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութեան գահաժառանգ շէյխ Մուհամմատ պըն Զայետ Նահիան իշխանը:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի. «Երկու կառավարութիւնները Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղեն յարգելու միջազգային օրէնքը եւ անյապաղ դադրեցնելու բոլոր անօրինական ու սադրիչ գործողութիւնները»:
Սակայն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են ինքնագլուխ կերխով Միջերկրական ծովուն մէջ ստեղծել ծովային երթեւեկի հսկողութեան կայաններ: Այսպիսով, Անգարան անմիջապէս պիտի տեղեկացուի արեւելեան Միջերկրականի եւ գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի չճանչցուած թրքական հանրապետութեան տարածքային ջուրերուն մէջ իւրաքանչիւր նաւու տեղաշարժին մասին:
Թուրքիան կը նախատեսէ հսկողութեան այս համակարգը շահագործման յանձնել 2021ին:
Յիշեցնենք, որ ՆԱԹՕի եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու մարտանաւերը Միջերկրական ծովուն մէջ կ՛իրականացնեն «Իրինի» գործողութիւնը՝ Լիպիա զէնքի մատակարարումը զսպելու համար: Այդ գործողութեան ծիրին մէջ գերմանական մարտանաւ մը վերջերս խուզարկած է թրքական նաւ մը, զայրացնելով Անգարան: