ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի Միջազգային հարցերով յանձնախումբի ղեկավար Քոնսթանթին Քոսաչեւ յայտարարած է, թէ Արցախը ճանչնալու հարցով Ֆրանսայի Ծերակոյտին որդեգրած բանաձեւը գլխաւորաբար Փարիզի եւ Անգարայի միջեւ տարակարծութիւններու հետեւանք է:
«Որքան ալ հակասական հնչէ, սակայն կասկած ունիմ, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտին որոշումը միայն Լեռնային Ղարաբաղի մասին է. Ֆրանսայի մեր գործընկերներուն անկեղծ յոյզերը հասկնալով՝ կը կարծեմ, որ անիկա նաեւ Թուրքիոյ կը վերաբերի», նշած է Քոսաչեւ:
Անոր համաձայն, վերջին շաբաթներուն թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւնները բացասական ուղղութեամբ կը զարգանան եւ հարցը հասած է իրարու հասցէին բարձր մակարդակով հնչեցուած վիրաւորական արտայայտութիւններուն:
«Միեւնոյն ժամանակ յայտնի է, որ Թուրքիա ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի անդամ ըլլալով, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բացայայտ ատրպէյճանամէտ դիրքորոշում որդեգրած էր: Եւ այս իրավիճակին մէջ միջազգային գործերու մէջ Թուրքիոյ վարքագիծին պատճառով ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու զայրոյթին գումարուած է ֆրանսական հասարակութեան մէջ աւանդական հայամէտ համակրանքը», կ՛ենթադրէ ռուս ծերակուտականը:
Քոսաչեւի կարծիքով՝ Ծերակոյտին դիրքորոշումը ցոյց կու տայ, որ Ֆրանսա քաղաքականութեան մէջ առայժմ աւելի շատ պատրաստ է ցուցադրական քայլերու, քան կտրուկ գործողութիւններու դիմելու:
«Գործնական գետնի վրայ կասկած չկայ, որ կառավարութեան իբրեւ առաջարկ ուղարկուած նախաձեռնութիւնը այդպէս ալ պիտի մնայ», նշած է քաղաքական գործիչը:
«Գուցէ անիկա դրական միտում ունի, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը պէտք է նախ եւ առաջ հայ-ատրպէյճանական քաղաքական երկխօսութեան նիւթ մնայ՝ առանց վերջնագիրներու եւ ուժային բեմագրութիւններու», եզրափակած է Քոսաչեւ: